«ՎԻՎԱՍԵԼ-ԷՄ. ԹԻ. ԷՍ.» ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ «ՍՊԱՍԱՐԿՈՒՄԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՈՐԱԿ» ՄՐՑԱՆԱԿՈՎ
«Վիվասել Էմ.Թի.Էս.» ընկերութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ընկերութիւնը 9 դեկտեմբերին Սպառողներու ազգային միութեան կողմէ պարգեւատրուած է «Սպասարկման լաւագոյն մշակոյթ» մրցանակով:
Բացի անկէ, ընկերութիւնը միութեան կողմէ ստացաւ յատուկ պատուոյ գիր մը` «Կապի եւ հեռահաղորդակցութեան մարզին մէջ ձեռք բերուած յաջողութիւններուն, մնայուն կերպով որակեալ սպասարկում կազմակերպելու եւ սպառողներու վստահութիւնը անվերապահօրէն վայելելու, սպառողական շուկային մէջ կայուն տեղ գրաւելու համար»:
Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ սպառողական շարժման 20-ամեայ յոբելեանին նուիրուած հանդիսաւոր արարողութեան ծիրին մէջ:
Սպառողներու ազգային միութեան հիմնական առաքելութիւնն է` պաշտպանել սպառողներու իրաւունքները տնտեսութեան բոլոր մարզերուն մէջ, բարձրացնել սպառողներու գիտակցութիւնը, կրթել զանոնք` կարելիութիւն ընձեռելով ճիշդ կողմնորոշուելու եւ պաշտպանելու սեփական շահերը ապրանքներու եւ ծառայութիւններու շուկային մէջ, պայքարիլ ազգաբնակչութեան առողջութեան պահպանման եւ առողջ սերունդի ձեւաւորման համար:
Պարգեւատրուած ընկերութիւնները որոշուած են անկախ փորձագէտներու խումբի եւ Հայաստանի սպառողներու ազգային հիմնարկի պատուաւոր անդամներուն կողմէ` շուկայադրումի եւ դիտարկումի երկարաժամկէտ ուսումնասիրութիւններու հիման վրայ:
Վեց տարիներու ընթացքին իր բաժանորդներուն կարելի եղածին չափ մօտ ըլլալուն համար «Վիվասել Էմ.Թի.Էս.» ընկերութիւնը յաջողած է գործարկել սպասարկման կեդրոններու ընդգրկուն ցանց մը` ամբողջ հանրապետութեան տարածքին մէջ: Ընկերութեան ցանցային ծածկոյթը կարելիութիւն կ՛ընձեռէ սպասարկել աւելի քան 2.5 միլիոն բաժանորդներու: Հիմնադրման առաջին օրէն իսկ «Վիվասել Էմ.Թի.Էս.» ընկերութիւնը առաջնորդուած է հիմնարար արժէքներով, որոնց մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ իր բաժանորդներուն բարձրորակ ծառայութիւններ մատուցելը:

