ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐՑԱԽ
Երէկ Ստեփանակերտ ժամանեց Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Սամուէլ Նիկոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Միջխորհրդարանական համագործակցութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցող այս այցելութիւնը աշխատանքային բնոյթ կը կրէ:
Հանդիպումներ տեղի ունեցան Արցախի խորհրդարանին մէջ, պատուիրակութեան անդամները հիւրընկալուեցան Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի մօտ:
Երէկ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունեց նաեւ Հայաստանի զինուորական դատախազ, Հայաստանի գլխաւոր դատախազի տեղակալ Գէորգ Կոստանեանը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան զինուորական դատախազութեան գործունէութեան առնչուող շարք մը հարցեր:
Գլխաւոր դատախազը աշխատանքային քննարկումներ ունեցաւ նաեւ համապատասխան կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ:
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան նախանցեալ օր այցելեց Մարտունի եւ երկրորդ պաշտպանական շրջանի զինաւաններէն մէկուն մէջ մասնակցեցաւ նոր դպրոցի բացման հանդիսաւոր արարողութեան: Նախագահ Սահակեան ընդգծեց, որ դպրոցաշինութիւնը, յատկապէս զօրամասերուն մէջ, մատաղ սերունդի հայեցի դաստիարակութեան կարեւոր ուղղութիւններէն մէկն է, եւ պետութիւնը պիտի շարունակէ այս խնդիրին ուշադրութիւն դարձնել:
Նախագահ Սահակեան այցելեց նաեւ Մարտունիի մէջ տեղակայուած «Լուսակերտ» թռչնագործարան եւ ծանօթացաւ անոր աշխատանքներուն:
Նոյն օրը երկրին ղեկավարը մասնակցեցաւ նաեւ երրորդ պաշտպանական շրջանին մէջ նոր զօրամասի բացման:
Այնուհետեւ Բակօ Սահակեան ուղեւորուեցաւ Մուշկապատ եւ Հաղորտի գիւղեր, ուր հանդիպում ունեցաւ բնակչութեան հետ եւ քննարկեց գոյութիւն ունեցող խնդիրները: Նախագահ Սահակեան նշեց, որ գոյութիւն ունեցող ներուժի օգտագործումը կը հանդիսանայ բազմաթիւ խնդիրներու լուծման գրաւականը եւ այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ է իրականացնել լուրջ աշխատանքներ` տեղական եւ շրջանային կառավարման օղակներուն մէջ:
Բակօ Սահակեան յստակ յանձնարարականներ տուաւ շահագրգիռ մարմիններու ղեկավարներուն շարք մը խնդիրներու լուծման առնչութեամբ:
Նախագահին կ՛ուղեկցէին Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:


