«ՔԱՈՒՆԹՐԻ ԼՈՃ»Ի ՄԷՋ ՍԵՐՊԱԿԱՆ «ԵՈՒՊԱՔ» ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ԱԿԱԴԵՄԻԱՆ ԲԱՑԱՒ ԻՐ ՆՈՐ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԸ
Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, սերպական «Եուպաք» պասքեթպոլի ակադեմիան, իր նոր մասնաճիւղը բացաւ «Քաունթրի լոճ» համալիրին մէջ (Պսալիմ):
Այս հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ղասսան Ֆարես, որ կը ներկայացնէր պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Պարաքեթը, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի Ա. փոխնախագահ Ռոպեր Ապու Ապտալլա, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ եւ Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Ժան Թապեթ, «Քաունթրի լոճ» համալիրին սեփականատէրը` Փոլ Մուաուատ, մարզական լրագրողներ եւ հրաւիրեալներ:
Իր արտասանած խօսքին մէջ, «Եուպաք» ակադեմիայի նախագահ Միլան Օպաթիչ ըսաւ, որ 1993-ին հիմնուած այս ակադեմիան աշխարհի չորս տարածքին հազարաւոր մարզիկներու մարզման աշխատանքը կը տանի մեծ ոգեւորութեամբ:
Այս ակադեմիային բացումը բնականաբար իր մեծ ներդրումը պիտի ունենայ այս մարզաձեւը սիրող փոքրերուն համար, որպէսզի հոն կազմաւորուին իբրեւ ապագայի աստղեր:
Նշենք, որ ակադեմիային մարզիչն է Վասիլին Մաթիչ: