ԹԵՆԻՍ. ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ` 64-ՐԴ ԴԻՐՔԻՆ ՎՐԱՅ

Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ երէկ հրապարակուած աշխարհի նոր ընդհանուր դասաւորման մէջ արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան կը մնայ 64-րդ դիրքին վրայ` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 760 կէտ:

Նալպանտեան, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 15-18 դեկտեմբերին տեղի ունենալիք «Քոփա Փէօժօ» մրցաշարքին, նախորդ շաբաթավերջին աւարտած «Ալմիրանթ Պրաուն» մրցաշարքին գրաւեց 2-րդ դիրքը:

Սերպ Նովաք Տիոքովիչ կը շարունակէ մնալ առաջին դիրքին վրայ (13630 կէտ)` իր ետին ձգելով սպանացի Ռաֆայէլ Նատալը (9595) եւ զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերերը (8170):

Share this Article
CATEGORIES