ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՏՂԱՔԸ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑԻՆ ԻՐԵՆՑ ՉՈՐՐՈՐԴ ՅԱՋՈՐԴԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ
Երէկ, Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց խումբը արձանագրեց իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը, երբ 76-49 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը` Ռիատի Ֆէյթրունը: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով` 7-21, 15-21, 11-16 եւ 16-18:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ռուտի Ֆարրաժ (20 կէտ), ապա յաջորդաբար` Երուանդ Աւագեան (13), Մարիօ Ապպուտ (12) եւ Սեւակ Քեթենճեան (11):
Մրցումին իրաւարարներն էին` Ռապահ Նըժէյմ եւ Ժորժ Տըրղամ: Մրցումը տեղի ունեցաւ Ժունիէի Ֆուատ Շեհապի անուան մարզադաշտին վրայ:
5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ կը մրցի Թըպնինի դէմ, չորեքշաբթի, 21 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: