50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (14 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1961)
ՀԱՅԱՍՏԱՆ
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ ԿԱԶՄԻՆ ՄԷՋ
Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի նախագահութեան կարգադրութեամբ շինարարութեան նախարար նշանակուեցաւ Կոնստանդին Մարութեան: Նախկին նախարարը` Մ. Սարուխանեան, իր «պարտականութենէն ազատուած է այլ աշխատանքի անցնելու կապակցութեամբ»:
– Նոյեմբեր 15-ի հրամանագրով Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի նախագահութիւնը Հայաստանի նախարարներու խորհուրդին կից կեդրոնական վիճակագրական վարչութեան պետ նշանակեց` Գուրգէն Փահլեւանեանը:
ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ`
Ի ՊԱՏԻՒ Ա. ԱՐՄԷՆԵԱՆԻ
Յոբելենական երեկոյթով մը նոյեմբեր 16-ին Լենինականի պետական թատրոնին մէջ տօնուեցաւ Արմէն Արմէնեանի ծննդեան 90-ամեակը եւ թատերական գործունէութեան 70-ամեակը:
Հայաստանի մշակոյթի նախարարին տեղակալին` Անդրանիկ Շահինեանի բացման հակիրճ խօսքէն ետք, բազմավաստակ արուեստագէտին կեանքին եւ գործունէութեան մասին խօսեցաւ թատերագէտ Լեւոն Խալաթեան:
– Արուեստագէտ Արմէն Արմէնեանի անունին հետ կապուած են հայ թատրոնի կեանքին եւ պատմութեան հետ կապուած բազմաթիւ իրողութիւններ: Ինչպէս արտասահմանի, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ անգնահատելի աշխատանքներ կատարած է թատերական արուեստին զարգացման եւ երիտասարդ արուեստագէտներու դաստիարակման համար: Մեծ դեր խաղաց Լենինականի թատրոնը կազմակերպելու գործին մէջ: Արդարեւ, 1922 յուլիսին Լենինականի մօտերը երկու անգամ բեմադրեց «Սասունցի Դաւիթ»ը, որուն մասնակցեցան մօտ տասը հազար անխօս դերակատարներ (Ֆիկիւրան), հեծեալներ եւ երկու փողային նուագախումբեր:
Իր բեմական գործունէութեան տարիներուն ներկայացուցած է 110 թատրերգութիւններ:
Լեւոն Խալաթեանի խօսքէն ետք ամպիոն բարձրացան եւ յոբելեարին կեանքն ու գործը դրուատեցին բազմաթիւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ:
Երեւանի եւ Լենինականի արուեստագէտներուն միացեալ ուժերով գործադրուեցաւ գեղարուեստական բաժինը:
ԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ
Նոյեմբեր 16-20 Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ գիտական համագումար մը, նուիրուած շատ կարեւոր եւ այժմէական հարցի մը քննութեան` «տնտեսական հետազօտութիւնները եւ ժողովրդային տնտեսութիւնը կազմակերպելու ատեն ուսողական եւ վիճակագրական մեթոտներուն, ինչպէս նաեւ արդի հաշուական թեքնիքին գործադրութեան միջոցները»: Համագումարը հրաւիրած էր Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիային տնտեսագիտութեան հիմնարկութիւնը եւ Մոսկուայի Աշխատանքի գիտահետազօտական հիմնարկութիւնը:
Համագումարին մասնակցեցան հայ, ռուս, վրացի, ուքրանացի տնտեսագէտներ, ուսողագէտներ եւ այլն:
ՊԱՅՔԱՐ ԳԻՆՈՎՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ
Հայաստանի մամուլը երկար զբաղեցաւ գինով շարժավարներու հարցով: Հրատարակուեցան զգաստութեան եւ հակաալքոլամոլութեան կոչեր, յօդուածներ, մինչեւ իսկ սեպտեմբեր ամիսը, նշանակուեցաւ «անվտանգ երթեւեկութեան» ամիս:
Այժմ փոխադրակառքերու եւ հանրակառքերու երթեւեկութիւնը կանոնաւորելու համար կառավարութիւնը պատիժներ սահմանեց, բոլոր անոնց, որոնք գինով վիճակի մէջ կ՛ըլլան: