ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ԱՐՄԱՏՆԵՐ ԵՒ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

ԲԱՍԵՆ

Հասանգալա

Բասեն կ՛ընդգրկէ Այրարատեան նահանգի արեւմտեան գօտին եւ աշխարհագրականօրէն անոր անբաժանելի մասերը նկատուած են նաեւ Աբեղեանք, Գաբեղեանք եւ Հաւնունի գաւառները:

ԲԱՍԵՆ

Բասեն Այրարատեան նահանգի առաջին գաւառն է եւ կը գտնուի Արաքսի վերին հոսանքի շրջանին մէջ, եւ հիւսիսէն` Չախըր Պապայի եւ Քարկապազարի, արեւմուտքէն` Տեւէպոյնուի եւ հարաւէն ալ Փալանտէոքէնի լեռներով շրջապատուած է: Արեւելեան կողմէն յաճախ Բասենի մաս նկատուած են Աբեղեանք, Հաւնունի եւ Գաբեղեանք գաւառները, այսինքն` մինչեւ Վանանդի կամ Կարսի սարահարթը տարածուող գօտին:

Բասեն մեծագոյն մասով լայնատարած հովիտ մըն է 1750-էն 1800 մեթր բարձրութեան վրայ եւ աշխարհագրականօրէն երկու գօտիներու բաժնուած է. Վերին կամ Փոքր եւ Ստորին կամ Ներքին Բասենի: Վերին Բասեն կ՛ընդգրկէ Քարկապազարի լեռներէն մինչեւ Մուրցի եւ Արաքսի գետախառնունքը տարածուող գօտին եւ կ՛երկարի մինչեւ Վանանդ. անտառազուրկ է եւ կը կոչուի նաեւ Անփայտ Բասեն: Իսկ Ստորին Բասեն տարածուած է մինչեւ Սողանլուի լեռները: Ստորին Բասենի հիւսիսային մասը մայրիի անտառներով ծածկուած է: Տարածուած է վայրի հոնին, խնձորենին, տանձենին եւ սալորենին:

Բասեն իր ջրառատ Մեղեդուխ լեռներով եւ Այծպտկունք լեռնագագաթով` մէկ փէշը կը կազմէ իր անմիջական հարեւանութեան հարաւը, 3650 մեթր բարձրութեան վրայ վեր խոյացող Սրմանց կամ Բիւրակնեան հրաբխային լերան: Շրջափակուած բարձրաբերձ լեռներով, որոնց խաչաթեւերուն վրայ կը գտնուին Մարդաղէ, Դասնաւորք, Դալառ եւ Վարաժնունիք գաւառները:

Արաքսը սկիզբ կ՛առնէ Բասենի հարաւային Սրմանց կամ Բիւրակնեան լեռնապարէն եւ Վաղարշաւանի ու Մժնկերտի վրայէն հոսելով դէպի հարաւ-արեւելք կը խառնուի Մուրցին եւ Կարսի տակով մուտք կը գործէ Շիրակի ու Արարատեան բերքառատ դաշտերը: Արաքս կը նկատուի ոչ միայն Շիրակի եւ Արարատեան դաշտի, այլեւ Բասենի հայրենական գետը: Արաքս պատմութեան մէջ անցած է նաեւ Բասեան կամ Բասեն անունով:

Բասեն իր լեռնաբլուրներով, հովիտներով ու դաշտերով Վանանդի սարահարթով կ՛երկարի դէպի արեւելք եւ կը միանայ Արարատեան դաշտին: Բայց Արարատեան դաշտին հաղորդակցական կապը Բասենի հետ հնագոյն ժամանակներէն ի վեր մէկ ճամբայ ունէր Հայկական Պարի միջոցով:

Բասեն իւրայատուկ գեղեցիկ բնութիւն ունի, հարուստ է արօտավայրերով, խոտառատ մարգագետիններով, բուրումնաւէտ ծաղկաստաններով, սառնորակ եւ անուշահամ ջուրերով ու ջերմուկներով: Հողը արգաւանդ է, սեւ եւ շագանակագոյն. հոն սքանչելիօրէն կ՛աճին ցորենն ու գարին, ընդեղէններն ու բանջարեղէնը եւ պտուղները: Քարկապազարի լեռներէն սառնորակ եւ անուշահամ աղբիւրներ կը բխին, որոնք Աղբերականք կամ Արծաթ-աղբերք կը կոչուին: Այդ աղբիւրներուն ջուրերը Գուռնիճ գիւղի հովիտին մէջ միանալով Արաքսի Մուրց վտակին մէջ կը թափին: Հովիտին բնակիչները ջուրերը կ՛օգտագործեն խմելու, արտերը ոռոգելու եւ ջրաղացները աշխատցնելու համար: Աղբերականց հովիտը Ծիրանեաց եւ Այգորդ կանաչազարդ լեռներով շրջապատուած է եւ փոքրիկ դրախտավայր մըն է: Մուրցի եւ Արաքսի գետախառնունքին կը գտնուի Հովիւի եօթնակամար կամուրջը, որ բասենցիներուն մօտ պահպանուած աւանդութեան համաձայն Վաղարշակ թագաւորին օրով կառուցուած է:

Անուանի են Արաքսի եւ Մուրցի գետախառնունքէն քիչ մը հեռու գտնուող գետնաբուխ ջերմուկները` 30-էն 40 աստիճան տաքութեամբ, որոնք հնագոյն դարերէն ի վեր կ՛օգտագործուին բուժիչ նպատակներով: Հնագոյն բաղնիքներէն երեքը պահպանուած են եւ կ՛օգտագործուին մինչեւ ներկայ ժամանակները:

Բասենի հովիտը ձմրան

Բասենի ձմեռը ցուրտ է, ձիւնառատ եւ գիւղացիք իրենց տուներու տաք օճախներուն շուրջ հաւաքական կեանք կը վարեն: Գարունը` սքանչելի, մեղմ, երբ ամբողջ հովիտը կանաչապատ գորգի մը կը վերածուի, թռչուններուն ճռուողիւնը եւ բազմապիսի ծաղիկներուն բուրմունքը կը լեցնէ մթնոլորտը, հողագործական աշխատանքները կը սկսին եւ նախիրները կը քշուին արօտավայրերը: Ամառը` չափաւոր տաք, հունձքի, կալ ու կուտի, ձմեռուան պաշար ամբարելու, ինչպէս նաեւ վայրի պտուղներ հաւաքելու եղանակն է: Աշունը իւրայատուկ անուշութիւն մը ունի, օրերը աստիճանաբար կը կարճնան, օդերը կը պաղին, անձրեւները կը սկսին, աշնանացանը կը կատարուի, ձմրան վառելանիւթը կ՛ապահովուի, գիւղացիք կը սկսին քաշուիլ իրենց տուները եւ անասունները գոմերուն մէջ կը տեղաւորուին: Տարեկան տեղումներուն միջինը 600 միլիմեթր է:

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ

Բասեն փասիաններու ցեղախումբին բնօրրանն է: Փասիանները յիշուած են տակաւին Քսենոփոնի ժամանակ: Ուրարտական պետութեան օրով շրջանին գլխաւոր բնակավայրերն էին` Դիլիբաբա եւ Տարիունի (կամ Դրոյնք): Մատենագրութեան մէջ Բասեն յիշուած է իբրեւ «Հովիտ մեծ» եւ «Քաջ ընդարձակ հովիտ»: Արշակունիներուն օրով Բասեն Որդունիներու նախարարական տոհմին ժառանգական տիրոյթն էր:

Բասենի հովիտը

Որդունիներուն կեդրոնը Որդորու կամ Որդրու աւանն էր, որ կը գտնուէր Աղբերականաց դաշտին մէջ. հոն կը նստէր նաեւ Բասենի եպիսկոպոսը: Որդունիները 700 ձիաւոր կռուող ունէին եւ տեւական կռուի մէջ էին իրենցմէ հարաւ, Հարք գաւառին մէջ կեդրոնացած Մանաւազեան նախարարութեան դէմ: Խոսրով Կոտակ թագաւոր փորձեց հաշտեցնել կռուող կողմերը, բայց ապարդիւն. ի վերջոյ գործը յանձնուեցաւ սպարապետ Վաչէ Մամիկոնեանի, եւ ան, զինուորական մարդու խստութեամբ, բնաջնջեց երկու նախարարութիւններն ալ:

Որդունիներու կոտորումէն ետք անոնց տիրոյթները Բասենի եպիսկոպոսին անցան: Այնուհետեւ Բասենի տէրը Բասենոյ դատաւոր անուով կը յիշատակուէր:

Բասենի առաջին եպիսկոպոսը` Եւտադիոս, քրմական դասակարգէն էր: Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետութեան մէջ Բասենի եպիսկոպոսը Լուսաւորչի աթոռէն ետք երկրորդ գահը կը գրաւէր:

Պարսից Շապուհ Բ. արքան, Հայաստանի վրայ իր իրերայաջորդ արշաւանքներուն ժամանակ Բասենի Ալվար գիւղին եւ Բողոբերդի մէջ բանտարկեց Կամսարական իշխանուհիները:

Պարսկական եւ Բիւզանդական կայսրութեանց միջեւ Հայաստանի 387-ի բաժանումէն ետք Բասենի Դու գիւղը սահմանագիծ դարձաւ, ուր պարսկական կայազօր մը տեղակայուեցաւ:

Բասենի աշխարհագրական գօտիին մէջ գտնուող Աբեղեանք գաւառը Աբեղեաններու նախարարութեան տիրոյթն էր: Աբեղեանները Վաղարշակ թագաւորէն արքունի սպասարարի եւ գահաւորի աստիճան ստացան: Անոնք երկու բարձ կը գրաւէին գահնամակին մէջ եւ 300 ձիաւոր ունէին:

Գաբեղեանքը Գաբեղեաններու նախարարութեան տիրոյթն էր: Գաբեղեանները արքունի փոխադրամիջոցներու եւ ձիերու երամակներու տեսուչի գործակալութիւնը կը վարէին, գահնամակին մէջ քսանհինգերորդ բարձը կը գրաւէին եւ 300 ձիաւոր ունէին:

Հաւնունիքը Հաւնունիներու նախարարութեան տիրոյթն էր: Հաւնունիները արքունի «բազեակիրք եւ բազեակալք» պաշտօնը կը վարէին, գահնամակին մէջ յիսունհինգերորդ տեղը կը գրաւէին եւ 300 ձիաւոր ունէին:

Հայ եկեղեցւոյ թեմական ուխտանէսեան դասակարգման համաձայն, երեսուն եպիսկոպոսութիւններու ցանկին մէջ Բասենի եպիսկոպոսութիւնը տասնմէկերորդը կը նկատուէր:

Բիւզանդիոնի Թիոփիլոս կայսեր 830-ական տարիներու ներխուժումին ժամանակ Գոմաձոր գիւղի բնակիչները դիմադրութիւն ցոյց տուին, բայց պարտուեցան եւ բնաջնջուեցան:

Ծիրանեաց լերան ստորոտը գտնուող Աւկամի աւանը 30 հազար բնակիչ ունէր. 1021-ին բիւզանդական բանակի յարձակումներուն ենթարկուեցաւ, որմէ ետք, Բասենի այլ բնակավայրերու շարքին, սելճուքներու աւերածութիւններուն ենթարկուեցաւ:

Սելճուքներ, Տուղրիլ բէկի եղբօր` Իպրահիմ Եանալի եւ Գթըլմուշի գլխաւորութեամբ, 1040-ական տարիներուն ներխուժեցին Բասեն եւ շրջակայ գաւառներ եւ հուրի ու սուրի մատնեցին բազմաթիւ գիւղեր ու աւաններ:

Բիւզանդական զօրքը, Ահարոն Պուլկարի, զօրավար Կատակալոն Կեկաւմենոսի եւ Գրիգոր Մագիստրոսի գլխաւորութեամբ, սելճուքներուն դէմ ելաւ: Բիւզանդացիներուն օգնութեան փութաց վրաց Լիպարիտ իշխանը: Հակառակորդ բանակները իրարու հանդիպեցան Բասենի դաշտին մէջ, Արջովիտի Կապուտրու բերդին մօտ, 1049 սեպտեմբեր 18-ին: Ահարոն Պուլկար իր զօրքով հեռացաւ պատերազմի դաշտէն, իսկ բիւզանդական բանակը ծանր պարտութիւն կրեց:

Շահ Աբասի 1604-ի բռնագաղթին ժամանակ բասենցիք զանգուածաբար տեղահանուեցան եւ Պարսկաստան քշուեցան: Արարատեան դաշտի եւ Ջուղայի բռնագաղթուած բնակիչները Սպահանի մէջ կեդրոնացուեցան, ուր անոնք հիմնեցին Նոր Ջուղան. այլ գաւառներու բնակիչներ շրջակայ գաւառներուն մէջ տեղաւորուեցան, իսկ բասենցիք Չարմահալ Պախթիարի լեռները քշուեցան, ուր անոնք շարք մը գիւղեր հիմնեցին, որոնց գլխաւորներն էին` Վաստիկան, Լիւասեան, Սիրաք, Ահմատապատ, Աղբուլաղ, Մամուքա, Վերի Քոնարք, Ցածի Քոնարք, Հաճիապատ եւ այլն: Չարմահալ Պախթիարի երկրամասին կառավարչութիւնը բասենցի մելիք Տէր Պետրոսի տոհմին ժառանգական իրաւունքը դարձաւ. տոհմին կեդրոնը Վաստիկան շէն ու բարեկարգ գիւղն էր: Պախթիարի բարձրաբերձ լեռներուն վրայ ապաստան գտած հայութիւնը, արտաքին աշխարհէն կտրուած, աւելի քան երեքուկէս դար անխաթար պահպանեց իր հայրենական սրբութիւնները:

Բասեն թուրք-պարսկական 1639-ի դաշնագիրով միացուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան: Ռուս-թրքական 1828-1829-ի եւ 1877-1878-ի պատերազմները աղիտալի եղան Բասենի հայութեան համար: Առաջին աշխարհամարտի ժամանակ ռուսական զօրքերը գրաւեցին Բասենը, բայց 1918-ին թուրքեր վերագրաւեցին զայն. շրջանի հայութեան մէկ մասը զոհուեցաւ եւ մնացեալները անցան Արեւելեան Հայաստան:

ԲՆԱԿԱՎԱՅՐԵՐ

Հասանգալայի մօտակայ աւանդական բնակավայր

Բասենի հնագոյն կեդրոնը եղած է Վաղարշաւանը, որ ծանօթ է նաեւ Բասենոյ բերդ կամ Բասենոյ քաղաք անուններով: Կը գտնուի Արաքսի եւ Մուրցի միախառնման հանգուցակէտին վրայ: Հիմնած է հայոց Վաղարշ թագաւորը, իր ծնած վայրին վրայ, ուր մայրը զինք ծննդաբերած է ձմեռոց երթալու ժամանակ:

Արաքսի ափով երկարող տարանցիկ ճամբու վրայ գտնուելով Վաղարշաւան բազմամարդ աւան դարձաւ եւ պարսպապատուեցաւ: Հրեաներ եւս բնակեցուեցան հոն եւ Վաղարշաւան վաճառաշահ քաղաք դարձաւ: Մինչեւ ԺԱ. դար բարեկարգ բնակավայր էր: Սելճուքներ 1048-1049-ին աւերեցին զայն, որմէ ետք անշուք գիւղի մը վերածուեցաւ: Աւերակները կը գտնուին ներկայ Քէօփքիւքէօյ գիւղին մօտակայքը:

Ծիրանիքի հարաւ-արեւմտեան ստորոտին, Արաքսի ձախ ափին Հասանգալան է, որ ծանօթ է նաեւ Տեւէ-Պոյնու անունով: Անիկա պատմական Դարոյնքն է (չշփոթել համանուն բերդին հետ) եւ ամուր բերդաքաղաք եղած է: Կ՛ենթադրուի, որ բերդը Գրիգոր Մագիստրոսի ազգական Հասան իշխանը կառուցած է: Կը գտնուի ժայռոտ բլուրներու վրայ, իսկ բերդէն հարաւ-արեւմուտք, բլուրի լանջերուն տարածուած է քաղաքը: Բերդը անցեալին աշտարակներով պաշտպանուած կրկնապարիսպ ունէր: Պարսպապատ եղած է նաեւ քաղաքը, եւ Հասանգալա յիշուած է իբրեւ եռապարիսպ քաղաք: Բերդը լաւ վիճակի մէջ պահպանուած էր մինչեւ ռուս-թրքական 1877-1878-ի պատերազմը: Կռիւներուն պատճառով կարգ մը մասեր վնասուեցան, բայց հետագային վերանորոգուեցան:

Բասենի մարգագետինները

Հասանգալա հարուստ է հանքային բուժիչ ջուրերով եւ սառնորակ աղբիւրներ կը վազեն փողոցներու երկայնքին: Գեղեցիկ համայնապատկերը կ՛ընդգրկէ քաղաքին առջեւ փռուած դալարագեղ դաշտը: Բնակարանները քարաշէն են, հաստ պատերով, երկյարկանի եւ հարթ տանիքներով: Առեւտուրը եւ արհեստները հայերուն ձեռքն էր. քաղաքի բնակիչներէն շատեր կալուածներ ունին եւ երկրագործութեամբ ու անասնապահութեամբ կը զբաղին:

Հասանգալայէն արեւմուտք, Տեւէպոյնուի լեռնանցքը, 1950 մեթր բարձրութեան վրայ, Բասենը կը բաժնէ Կարնոյ նահանգէն կամ Բարձր Հայքէն:

Մաժանկերտ կը գտնուի Մեծրաց լեռներուն ստորոտը, Սուրբ Խաչի եւ Զէկ գետակի մօտ եւ անցեալին Աբեղեաններու տոհմին բերդաքաղաքը եղած է:

Աւնիկ կը գտնուի Արաքսի արեւելեան ափին, Մուրց վտակի միախառնման վայրէն քիչ մը հեռու, դժուարամատչելի բլուրի մը վրայ եւ պարիսպներով շրջապատուած է: Հաւնունիներու տոհմին կեդրոնն էր, իսկ Բիւզանդիոնի Կոստանդին Ծիրանածին կայսր ինքնիշխան քաղաք հռչակեց: Լենկթիմուր մէկ ամսուան յամառ կռիւներէ ետք միայն կրցաւ գրաւել զայն:

Խորասան աւանը ստորին Բասենի գլխաւոր բնակավայրն է:

 

Share this Article
CATEGORIES