ՀԱՅՐԵՆԻ ԿԵԱՆՔ

ՍԱՅԱԹ-ՆՈՎԱՅԻ «ՏԻՊԱ ՈՒ ԵՆԿԻՏՈՒՆԻԱ ԵՐԳԸ ՊԻՏԻ ՀՆՉԷ
ԱՆՈՐ 300-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻՆ

«Սայաթ Նովա» աշուղական երգի վաստակաւոր համոյթը անակնկալ մը պատրաստած է Սայաթ Նովայի ծննդեան 300-ամեակին նուիրուած յոբելեանին, որ տեղի պիտի ունենայ 2012 թուականին: Ձեռնարկին պիտի հնչէ աշուղին տակաւին անյայտ «Տիպա ու Ենկիտունիա» երգը: «Սայաթ Նովա աշուղական երգի վաստակաւոր համոյթը իր կատարողական ցանկին մէջ ունի մօտաւորապէս 400 երգեր` անցեալի եւ մեր օրերու աշուղներէն:

Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Թովմաս Պօղոսեան յայտնած է, որ համոյթի գործունէութեան 20 տարիներու ընթացքին կրցած են վերականգնել բազմաթիւ անյայտ, չկատարուած երգեր անցեալին նշանաւոր աշուղներէն` Սայաթ Նովայէն, Ջիւանիէն, Նաղաշ Յովնաթանէն, Շերամէն, Ղուկիանոս Կարնեցիէն, Թիֆլիսէն, Մահաբուէն, Գէորգէն եւ Հայրիկ Ղազարեանէն: Մերօրեայ աշուղներէն համոյթին ծրագրին մէջ կը մեկնաբանուին` Լէյլիի, Գէորգի, Աստղանուշի, Ռազմարի, Երազի, Երամի, Մխիթարի, Նազելիի եւ ուրիշներուն երգերը:

Թ. Պօղոսեան հաղորդած է, որ այդ երգերը կ՛ուսուցանուին «Սայաթ Նովա» մշակութային միութեան Ջիւանի անուան աշուղական դպրոցի սաներուն, ինչպէս նաեւ` Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի ուսանողներուն: Իսկ ուսուցումը կը կատարուի «Հայ աշուղական արուեստ» դասընթացքի շրջանակներուն մէջ:

Թ. Պօղոսեան յոյս յայտնած է, որ ապագային անձնական արխիւի մէջ պահուող այդ երգերը լոյս պիտի տեսնեն իբրեւ ժողովածու:

«ՆՈ ՋՈՒՂԱ. ԼԻՆԵԼ…» ԽՈՐԱԳԻՐՈՎ ԺԱՊԱՒԷՆԻՆ
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած` Հայաստանի մէջ Իրանի հայ համայնքի օրեր ծրագիրին մէջ տեղի ունեցաւ «Նոր Ջուղա. լինել…» խորագիրով շարժանկարին անդրանիկ ցուցադրութիւնը, Երեւանի «Նարեկացի» մշակութային միութեան կեդրոնին մէջ:

Ժապաւէնին բեմադրիչը` Արսէն Գասպարեան, իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան` Հայաստանի մէջ Իրանի հայ համայնքի օրեր կազմակերպելուն համար, այնուհետեւ Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանութեան, Իրանի մէջ Հայսատանի դեսպանութեան եւ Սպահանի հայոց թեմին` ժապաւէնին ստեղծման իրենց ունեցած մեծ աջակցութեան համար: Իրանահայութեան մայրաքաղաք նկատուող Նոր Ջուղային նուիրուած այս վաւերագրական ժապաւէնը կը պատմէ 1604 թուականին Շահ Աբբասի կողմէ Արեւելեան Հայաստանէն դէպի Սպահան հայերու վերաբնակեցման եւ այդպիսով համայնքի ձեւաւորման ու Նոր Ջուղայի մէջ գոյութիւն ունեցող հայկական հարուստ պատմամշակութային ժառանգութեան մասին: Ժապաւէնին մէջ կը խօսուի Նոր Ջուղա բնակող հայերուն ծաւալած մշակութային աշխուժ գործունէութեան եւ երկրին մէջ ունեցած նշանակալի ներդրումին մասին: Ժապաւէնին մէջ Արսէն Գասապարեան մասնաւորապէս անդրադարձած է Սպահանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդի գործունէութեան, հայ համայնքի` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար տարած աշխուժ ջանքերուն եւ Հայ դատի  պաշտպանութեան հարցին մէջ համախմբուածութեան: Ան նաեւ ներկայացուցած է Իրանի հայ համայնքին մասին տեղեկութիւններ:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐ ՀՐԱՆՈՒՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ՌՈՒՄԱՆԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Վերջերս Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունած է` Ռումանիոյ հայոց միութեան նախագահ, Ռումանիոյ ծերակոյտի տնտեսական յանձնախումբի նախագահ, Ռումանիոյ գրողներու միութեան փոխնախագահ Վարուժան Ոսկանեանը, Ռումանիոյ հայոց միութեան փոխնախագահ, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ռումանիոյ թեմի թեմական խորհուրդի անդամ Զարեհ Նազարեանը, Ռումանիոյ հայոց միութեան փոխնախագահ խաչիկ Կարապետը եւ միութեան ընդհանուր քարտուղար Խաչիկ Մարգարեանը:

Հրանուշ Յակոբեան հիւրերը ողջունելէ ետք անոնց ներկայացուցած է սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնն ու ծրագիրները: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ռումանահայ համայնքին հիմնական հարցերը: Անդրադարձած են Ռումանիոյ Սուչաւա քաղաքի 1512 թուականին հիմնադրուած հայկական Խաչկատար վանքի 500-ամեակին նուիրուած տօնական ձեռնարկներու կազմակերպման նախապատրաստական աշխատանքներուն: Նախատեսուած է նաեւ, որ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ հայոց միութեան ջանքերով կազմակերպել Ռումանիոյ հայկական ժառանգութեան նուիրուած գիտաժողով:

«ՎԻՎԱՍԵԼ – ԷՄ. ԹԻ. ԷՍ.»Ի 30 ԲԱԺԱՆՈՐԴՆԵՐ ՇԱՀԱԾ ԵՆ
«ԿՈՒԿԸԼ ՆԵՔՍԸՍ ԷՍ.» ՍՄԱՐԹՖՈՆ

«Վիվասել – Էմ. Թի. Էս.»ի մամլոյ ծառայութենէն տեղեկացուցած են, որ ընկերութեան գլխաւոր գրասենեակին մէջ կայացած վիճակահանութեան իբրեւ արդիւնք` շահած է 30 բաժանորդ: Անոնք նուէր ստացած են «Կուկըլ նեքսըս էս.» սմարթֆոններ: Իրականացուած յատուկ ծրագիրին մասնակցելու համար սահմանուած էին չափանիշներ. մասնակցողներ պէտք էր ըլլային «Քլասիք», «Քլասիք սոլօ», «Քլասիք ֆլեքսի» եւ ընկերութիւններու յատուկ սակագնային ծրագրերու անհատական վճարող յետվճարային բաժանորդներ, որոնց մարտէն մինչեւ մայիս ամիսներու ընթացքին զանազան ծառայութիւններու դիմաց իրենց վճարած գումարը հասած պէտք էր ըլլար 10 հազարէն մինչեւ 18 հազար դրամի եւ յաջորդող երեք ամիսներու ընթացքին` յունիսէն մինչեւ սեպտեմբեր վճարուած գումարը աւելցած պէտք էր ըլլար 50 առ հարիւր եւ նոյնիսկ աւելի տոկոսով:

Ծրագիրի աւարտին մասնակցողներուն նախնական ցուցակէն ծրագիրին հիմնական չափանիշներուն համապատասխանած է 1662 բաժանորդ` անցնելով եզրափակիչ հանգրուան:

Ծրագիրին թափանցիկութիւնը եւ արդարութիւնը ապահովելու համար եզրափակիչ հանգրուան անցած մասնակցողներուն ցուցակէն համակարգչային ծրագիրը ընտրած է իւրաքանչիւր յիսուներորդ Ճի. Էս. Էմ. համարի օգտագործողը: Վերջինները հրաւիրուած են «Վիվասել – Էմ. Թի. Էս.»-ի գլխաւոր գրասենեակ` վիճակաձգութեան միջոցով որոշելու 30 սմարթֆոններուն տէրերը:

Սմարթֆոնի արժանացողներէն երկուքը համակարգչային ծրագիրին կողմէ ընտրուած եւ «Վիվասել – Էմ. Թի. Էս.»-ի գրասենեակ հրաւիրուած` ծրագիրին եզրափակիչ հանգրուանը անցած մասնակցողներէն էին: Ասկէ բացի, հրաւիրողներուն համար յատուկ վիճակ քաշուած է իբրեւ նուէր տրամադրուած է «Կուկըլ նեքսըս Էս.» սմարթֆոն մը եւս: Վիճակահանութեան երեք շահողներուն նուէրները յանձնուած է տեղւոյն վրայ, «Վիվասել – Էմ. Թի. Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէնին Ռալֆ Երիկեանին կողմէ: Միւս շահողները իրենց սմարթֆոնները պիտի ստանան` այցելելով «Վիվասել – Էմ. Թի. Էս.» ընկերութեան գլխաւոր գրասենեակ:

Նշենք, որ ծրագիրին մնացեալ մասնակցողները «Վիվասել – Էմ. Թի. Էս.»-էն պիտի ստանան 500 վայրկեան անվճար ներցանցային խօսելաժամանակ` մէկ ամսուան համար:

«ՈՒՐԻՇ ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՕՆ-ԼԱՅՆ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ-ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ
ՆՈՐԱԳՈՅՆ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ
ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ

29 նոյեմբերին «Արմենիա-Մարիոթ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած է շնորհահանդէս-քննարկում, որուն ընթացքին ներկայացուած է «Ուրիշ Հայաստան» օն-լայն ընկերային-քաղաքական նախագիծը:

Շնորհահանդէս-քննարկումին մասնակցած են Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ աշխուժ գործունէութիւն ծաւալող ՀՀԿ, ՕԵԿ, ՀՅԴ, ՄԻԱԿ, ՀԱՔ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ զանգուածային լրատուամիջոցներու, քաղաքական Փի. Ար. խորհրդատուութեան ոլորտին, հասարակական կազմակերպութիւններուն, համացանցային լրատուամիջոցներու, պլոկներու եւ ընկերային ցանցերու ներկայացուցիչներ:

Շնորհահանդէս-քննարկման ընթացքին բանախօսած են` Արտաշէս Մկրտչեան, Սամուէլ Մարտիրոսեան եւ Նուարդ Մելքոնեան:

«Ուրիշ Հայաստան» նախագիծի հեղինակ, Հայլանտ. Էյ. Էմ. ընկերային  ցանցի ղեկավար Արտաշէս Մկրտչեան իր խօսքին մէջ ներկայացուցած է նախագիծին մանրամասնութիւնները, նախընտրական հանգրուանին նոր քաղաքական արհեստագիտութիւններու կարեւորութիւնը, նախագծին մասնակցելու կարգը: Բանախօսը առանձնապէս շեշտած է Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ գործող իրական կուսակցութիւններու մասնակցութեան հանգամանքը: «Ուրիշ Հայաստան» անհատական քաղաքական խաղը տեղեկայուած է Հայլանտ. Էյ. Էմ. հայկական ամէնէն մեծ ընկերային ցանցին վրայ եւ արդէն բաց է քաղաքական նախաձեռնութիւններու համար:

Շնորհահանդէսին հրաւիրուած քաղաքական խորհրդատու. Երեւանի պետական համալսարանի ընկերաբանութեան ամպիոնի վարիչ Նուարդ Մելքոնեան նշած է, որ այսօր ամբողջ աշխարհին քաղաքական պայքարին մէջ իրենց ընդարձակ կիրարկումը ստացած են ընկերային ցանցերու մէջ աշխուժօրէն օգտագործուող գործիքներն ու միջոցները, որոնք կ՛ապահովեն առանձին թիրախային լսարաններու աշխուժ ներգրաւումը քաղաքական հաղորդակցման գործընթացներուն մէջ: Ըստ փորձագէտին, «Ուրիշ Հայաստան» խաղին առաւելութիւնը կը կայանայ այն բանին մէջ, որ տեղեկատուական ցանցին մէջ կարելի է գտնել նպատակային լսարան եւ հաղորդագրութիւնը ուղղել անմիջապէս լսարանին հասկնալի լեզուով: Խաղը իբրեւ հաղորդագրութեան տեսակ` լսարանի համար մատչելի է եւ պիտի նպաստէ քաղաքական ընկերայնացման, քաղաքական իրաւազեկուածութեան եւ գրագիտութեան բարձրացման, ինչպէս նաեւ կարելիութիւն պիտի ընձեռէ քաղաքական ուժերուն օն-լայն համակարգին մէջ փորձարկել, ստուգել նոր գաղափարները եւ, յաջողելու պարագային, զանոնք ներառել իրական գորընթացներու մէջ:

Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու փորձագէտ Սամուէլ Մարտիրոսեան նախ ողջունած է նախաձեռնութիւնը, ապա նշած է, որ արդէն դրական քայլ է Ֆէյսպուքէն դուրս, տեղական այլընտրանք հանդիսացող ազգային ընկերային ցանցին մէջ «Հայլանտ. Էյ. էմ.»ի նման արհեստագիտութեան օգտագործումը, աւելցնելով, որ տակաւին պէտք է շատ աշխատիլ Ֆէյսպուքին հետ լուրջ մրցակցելու տեսանկիւնէն:

Հայլանտ- Էյ. Էմ.-ի ղեկավար Արտաշէս Մկրտչեան աւելցուցած է, որ խաղը ունի կիրառական նշանակութիւն եւ պիտի ընթանայ հանգրուաններով, իսկ իւրաքանչիւր հանգրուանի քննարկուող կարեւորագոյն հարցադրումները պիտի ուղղուին Ազգային ժողով` իբրեւ հանրային կոչ:

Շնորհահանդէսէն ետք ծաւալած բուռն քննարկման ընթացքին հրաւիրուած կուսակցութիւններու, զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները կարելիութիւն ունեցած են զիրենք հետաքրքրող հարցերը ուղղել նախագծի ղեկավարին եւ փորձագէտներուն:

«Ուրիշ Հայաստան»-ը համացանցի մէջ իրական քաղաքական համակարգի ձեւաւորումն է, որուն նպատակն է նախընտրական գործընթացներուն ընդառաջ օն-լայն հասարակայնութեան ընկերային  իրազեկումը եւ քաղաքական մասնակցութեան մակարդակի բարձրացումը: «Ուրիշ Հայաստան»-ը քաղաքական խաղային արհեստագիտութիւն է, որ կը բարձրացնէ լսարանին տեղեկացուածութիւնը, թոյլ կու տայ օն-լայն հասարակայնութեամբ համախմբել համախոհներ, արձանագրուիլ եւ մասնակցիլ քաղաքական կարեւորագոյն գործընթացներուն:

«Ուրիշ Հայաստան»-ը հիմնուած է քաղաքական օն-լայն համարկումի նորագոյն արհեստագիտութեան եւ գաղափարներու վրայ, եւ որուն մէջ լայնօրէն կիրարկուած են ընկերային ցանցերու ամէնէն ազդեցիկ գործիքները` պլոկները, ֆորիւմները, խումբերը եւ այլն:

2012-ԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ
ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՔՆՆԱԴԱՏԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՄՐՑՈՅԹ

2012-ին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Գարեգին Յովսէփեան տարուան լաւագոյն արուեստի քննադատական յօդուած» խորագիրով հանրապետական մրցոյթը, որ կազմակերպուած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ Արուեստի քննադատներու ազգային միութեան կողմէ: Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան ժամանակակից արուեստի վարչութեան նախագահ Սոնա Յարութիւնեան յայտնած է, որ այս մրցոյթը նախարարութեան համար իւրօրինակ է, որովհետեւ անոր ճամբով պիտի ուսումնասիրուի Հայաստանի մէջ գտնուող արուեստի քննադատներուն թիւը եւ մակարդակը:

Մրցութային յանձնախումբի նախագահ Հրաչ Պայատեան նշած է, որ իրականութեան մէջ յայտնի չէ, թէ արուեստի քանի քննադատ կայ Հայաստանի մէջ եւ ի՛նչ մակարդակ ունին անոնք: Արուեստաբան Լիլիթ Սարգսեան հաղորդած է, որ մրցոյթին մասնակցելու համար մասնագիտական սահմանափակում չկայ եւ շեշտը պիտի դրուի ժամանակակից արուեստին, մասնաւորաբար` տեսողական արուեստին վրայ:

Նշենք, որ մրցոյթին կրնան մասնակցիլ մինչեւ 35 տարեկան հեղինակները, որոնք իրենց աշխատանքները պիտի հրատարակեն հայերէնով, 2012 թուականին: Լաւագոյն քննադատութեան համար իբրեւ մրցանակ սահմանուած է 200 հազար դրամ, իսկ մրցոյթին մասնակցելու համար թեկնածուները իրենց աշխատանքները պէտք է ուղարկեն Արուեստի քննադատներու ազգային միութիւն: Մրցոյթին արդիւնքները պիտի յայտարարուին 2013 թուականի մարտին:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ԿԱՌՈՒՑՈՒԻ ՔԱՂՑԿԵՂԻ
ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԴԱՐՄԱՆԱՏՈՒՆ

Քաղցկեղէ տառապող փոքրիկներու համար 2012-ին Հայաստանի մէջ պիտի կառուցուի մասնագիտական մանկական դարմանատուն մը: Այս ծրագիրին նախաձեռնած է «Նուիրէ՛ կեանք» բարեգործական հիմնադրամը:

Դարմանատունը պիտի կառուցուի  Համաշխարհային դրամատան տրամադրած տասը միլիոն տոլար գումարով, իսկ աշխատանքները պիտի աւարտին երեք տարուան ընթացքին:

Հաղորդենք, որ Անդրկովկասի մէջ քաղցկեղի այս առաջին կեդրոնը պիտի օժտուի ժամանակակից սարքերով եւ կարելիութիւն պիտի ունենայ ճառագայթային եւ քիմիական բուժում իրականացնելու:

Նշենք, որ այժմ քաղցկեղային հիւանդութիւններ ունեցող փոքրիկները ստիպուած են արտասահմանի մէջ բուժուելու: Դարմանատան հիման վրայ կը նախատեսուի ստեղծել ոսկրածուծի փոխապատուաստման կեդրոն մը` լուքիմիայով ծանր հիւանդ փոքրիկներու համար:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ԿԱՌՈՒՑՈՒԻ ԹԵՔ
ՀԱՐԹԱԿՆԵՐ ՀԱՇՄԱՆԴԱՄ ԸՆՏՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ

«Հաշմանդամներու «Փարոս» կրթութեան եւ մշակոյթի զարգացման կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնած ծրագիրին ծիրին մէջ Հայաստանի մարզերու 40 ընտրական տեղամասերուն մէջ պիտի կառուցուին թեք հարթակներ` հաշմանդամ ընտրողներու համար: Այս գծով հասարակական կազմակերպութիւնը համագործակցելու եւ տեղեկատուութիւն ապահովելու առաջարկով դիմած է տեղական կազմակերպութիւններուն եւ մարզպետարաններուն: Տաւուշի մէջ աջակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած են «Յոյսի կամուրջ» կազմակերպութեան Իջեւանի մասնաճիւղը, ինչպէս նաեւ` Մարզպետարանը: Տաւուշի մարզին մէջ թեք հարթակ պիտի կառուցուի 3-4 ընտրատեղամասի մէջ:

Սուրէն Օհանեան տեղեկացուցած է, որ որոշ մարզերու մէջ վիճակը աւելի մտահոգիչ է: Ըստ անոր, ընտրութիւններու ժամանակ բազմաթիւ հաշմանդամներ կը զրկուին իրենց քաղաքացիական պարտքը կատարելու հնարաւորութենէն:

«ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ԿՐԿԷՍ» ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԻՆ
ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ԱՒԱՐՏԻ 2013 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻՆ

Երեւանի կրկէսի 50-ամեայ «Կլոր» շէնքը երկու տարի ետք պիտի ներկայանայ ճարտարապետական նոր ետսքով եւ պիտի դառնայ մայրաքաղաքի մշակութային յատկանշական օճախներէն մէկը:

Երեւանի փայտաշէն կրկէսի 1962-ին կառուցուած շէնքին վերանորոգման աշխատանքները սկսած են 2011-ի օգոստոս 1-ին եւ կը նախատեսուի զանոնք աւարտել 2013-ի հոկտեմբերին:

Ըստ «Երեւանեան կրկէս» մշակութային կեդրոնի գեղարուեստական ղեկավար Սօս Պետրոսեանի, շէնքի վերանորոգման աշխատանքներուն ծախսը, որ պիտի կազմէ մօտաւորապէս 10 միլիոն տոլար, ստանձնած է «Տաշիր կրուփ» ընկերութեան նախագահ Սամուէլ Կարապետեանը:

Նշենք, որ շէնքի վերակառուցումէն բացի, ամբողջութեամբ պիտի նորոգուի նաեւ կրկէսին գոյքը, սարքերը` ձայնային եւ հնչիւնային, ինչպէս նաեւ` լուսաւորման կարելիութիւնները: Իսկ կրկէսի անասունները պիտի ապրին ո՛չ թէ կրկէսի շէնքին մէջ, այլ անոր կից` յատուկ իրենց համար նախատեսուած վայրի մը մէջ, կրկէսը ազատելով անասուններու գարշահոտութենէն: Նշենք, որ կը նախատեսուի աւելցնել նաեւ անասուններուն թիւն ու տեսակը:

Ս. Պետրոսեան աւելցուցած է, որ իրենք կը նախապատրաստուին մասնակցելու 2014 մարտին Երեւանի մէջ կայանալիք կրկէսային արուեստի միջազգային փառատօնին:

 

Share this Article
CATEGORIES