«ԱԶԴԱԿ»Ի ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԱԾ ՏՊԱՐԱՆԻ ԲԱՑՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ «ԵՌԱԳՈՅՆ ՖՈՆՏ»-Ի ԱՆՈՒՆՈՎ ՐԱՖՖԻ ՍԻՍԼԵԱՆԻ ԱՐՏԱՍԱՆԱԾ ԽՕՍՔԸ
Այս երեկոյ «Ազդակ» օրաթերթի տպարանի այս տարածքին մէջ կայացող այս հաւաքը, առնչուելով հանդերձ «Ազդակ» օրաթերթին հետ, միաժամանակ նոր եւ գեղեցիկ առիթ մըն է նաեւ մեր ուշադրութիւնը սեւեռելու ազգային կեանքին մէջ գործող կառոյցներուն եւ անոնց արդիւնաւէտ գործունէութեան վրայ:
«Եռագոյն ֆոնտ»-ին նախաձեռնութիւնները կրնան զանազան բնոյթի եւ մարզի վերաբերիլ, բայց սկզբունքները եւ նպատակը կը մնան նոյնը:
Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանի մէջ առաջնորդ սրբազանին հովանաւորութեամբ գործող «Եռագոյն ֆոնտ»-ին իւրաքանչիւր նախաձեռնութեան ետին պէտք է յստակօրէն տեսնել այն սկզբունքներն ու համոզումները, որոնց մէկտեղումն է «Եռագոյն ֆոնտ»-ը: Այդ սկզբունքները կարելի է ձեւաւորել հետեւեալ կերպով:
1.- Սատար հանդիսանալ եւ քաջալերել հաւաքական աշխատանքի մտածելակերպն ու գործելակերպը առաւելագոյն չափով տեղ եւ տարածք հայթայթել մեր ազգային կառոյցներու գործելաձեւին մէջ, ուր անհատները միջոցներ են իրականացնելու նպատակը, ուր անհատական ներդրումները եւ դերակատարութիւնները եսակեդրոն դրսեւորումներ չեն, ոչ ալ առաջնահերթ կարգի վրայ կու գան, ուր անհատները պատահական եւ անկապ ներկայութիւններ չեն, այլ` համադրուած եւ մէկ նպատակի յաջողութեան համար ձգտող աշխատողներ:
2.- «Եռագոյն ֆոնտ»-ին գոյութեան պատճառը հայկականութիւնն է` իր բաղկացուցիչ բոլոր մասնիկներով եւ երեսներով:
3.- «Եռագոյն ֆոնտ»-ի օժանդակութեանց մէջ նիւթականը առանձինն ամէն ինչ չի նշանակեր. կարեւոր է եւ նոյնքան գնահատանքի արժանի է նաեւ նիւթականը իր նպատակին ճիշդ կերպով օգտագործող անհատներուն դերակատարութիւնը:
Այս սկզբունքներուն հետքերով կ՛ընթանայ «Եռագոյն ֆոնտ»-ը` հայկական իրականութեան մէջ: Եւ հոն, ուր կը հանդիպի հաւաքական աշխատանքով գործող ազգային կառոյցի, այդտեղ «Եռագոյն ֆոնտ»-ը իր նպաստը բերելու հրաւէրի չի սպասեր, այլ նախաձեռնող ներկայութիւն կը դառնայ:
Այս առումով, մամուլի գործադաշտը հաւաքական աշխատանքի գեղեցիկ օրինակներէն մէկն է: Օրաթերթ մը, հակառակ իր բազմազան էջերուն եւ նիւթերուն, կը կրէ մէկ անուն, եւ բոլոր աշխատակիցներուն ճիգը եւ ջանքը ի վերջոյ կ՛երթայ օրաթերթի անունին եւ ոչ անհատին:
Կարիքը չկայ այստեղ անդրադառնալու հայ մամուլին, ի մասնաւորի օրաթերթի կենսական անհրաժեշտութեան մասին, որուն առաքելութիւնն է ամէնօրեայ դրութեամբ պահել եւ սնուցանել հայկական ոգին եւ գիտակցութիւնը իւրաքանչիւր հայու կեանքին ու հոգիին մէջ: Ամէնօրեայ յարատեւ եւ հեւքոտ աշխատանք պահանջող հայ օրաթերթը լուրեր եւ տեղեկութիւններ պարունակող լարգիրէ մը աւելի է մեզի համար, անիկա հայկական աշխարհը ներկայացնող պատկեր մըն է, որ որքան հարազատ եւ ամբողջական ըլլայ, այդքա՛ն աւելի ողջունելի է:
Ազգային մեր կեանքին համար կենսական անհրաժեշտութիւն եղող հայկական օրաթերթի մէջ «Եռագոյն ֆոնտ»-ը իր սկզբունքներէն մեկնելով, նոյնքան անհրաժեշտ կը գտնէ տեսնել հայութեան ամբողջական պատկերը` յարգելով հանդերձ իւրաքանչիւր օրաթերթի յատուկ ուղղուածութիւնը եւ սկզբունքները:
Այս բոլորէն մեկնելով, նկատի առած «Ազդակ» օրաթերթին բերած մեծ սատարը լիբանանահայ կեանքի կենսունակութեան եւ հայկական նկարագրին պահպանման առօրեայ պայքարին մէջ, եւ այսօրուան տուեալներով, անոր էջերուն ընդմէջէն հայկական իրականութեան պատկերին համեմատաբար աւելի լայն ներկայացումը, որուն մէջ յստակօրէն ակնյայտ է «Ազդակ»-ի հաւաքական աշխատանքը, ճիգը, ջանքը եւ դրոշմը, որուն իբրեւ արդիւնք` թերթը այսօր լայնատարած հասողութիւն եւ ընդունելութիւն ունի ամբողջ սփիւռքի մէջ եւ յատուկ գնահատանքի եւ ուշադրութեան առարկայ է նաեւ Հայաստանի պետական. թէ մամուլի շրջանակներու կողմէ, «Եռագոյն ֆոնտ»-ը իր սկզբունքներուն արտացոլացումը տեսնելով «Ազդակ» օրաթերթին էջերուն մէջ` յատուկ գոհունակութեամբ իր մասնակցութիւնը կը բերէ այսօրուան առիթին կայացման եւ յարատեւ յաջողութիւն կը մաղթէ «Ազդակ»-ին:

