ԻՆՉՊԷ՞Ս ԲԱՐԵԼԱՒԵԼ ԿԵԱՆՔԸ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՄԷՋ

Ա. ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ

Անկասկած որ ամբողջ Լիբանանի բնակչութիւնը կարիքը ունի ընկերային ու տնտեսական պայմաններու անյետաձգելի բարելաւման: Ջուրի եւ ելեկտրականութեան անկանոն մատակարարումը, չհաշուած մանաւանդ ըմպելի ջուրին որակը, բնութեան անպաշտպանուածութիւնը, ինքնաշարժներու ստեղծած անտանելի խճողումը, զանոնք վարելու նուազագոյն օրէնքներու բացակայութիւնը, ճամբաներու, մայթերու, անցքերու ոչ նախանձելի վիճակը, օդոլորտի աղտոտութիւնը, առողջապահական համակարգի չգոյութիւնը (ո՞ր մէկը թուեմ), լիբանանցիները բանտարկած է, համայնքային այլազանութեամբ, յատկանշուող մեծ Բաբելոնի մը մէջ: Տակաւին չհաշուած` տնտեսական սուր տագնապն ու աներեւակայելի սղութիւնը, որոնք կարծես եկած են կործանելու լիբանանեան միջին դասակարգը, որ մարդկային ոեւէ հաւաքականութեան ողնասիւնը կը համարուի:

Այս երանգապնակին բնականաբար մաս կը կազմէ հայութիւնը իր բաբախուն սրտով` Պուրճ Համուտով միասին: Հակառակ իր ցրուածութեան եւ վերջին քսանամեակին յառաջացած աշխարհագրական նոր կեդրոնացումներու` մեր համայնքը իր բնակչութեան մէկ խիտ հատուածով եւ առեւտրական ու արհեստագիտական գործառնութիւններով կը մնայ մէկ անբաժան մասնիկը Պուրճ Համուտին: Այլ խօսքով, որքան ալ տարածուի ու արտահոսք ապրի հայութիւնը եւ որքան ալ բեւեռանայ, իր բնակիչներուն մէկ արմատացած հատուածով ու ցերեկային ներհոսքով Պուրճ Համուտը կը մնայ հայութեան անդադրում կերպով տրոփող գլխաւոր մկանը եւ ըստ այնմ` արժանի յատուկ ուշադրութեան, գուրգուրանքի եւ նախանձախնդիր մօտեցումի` թէ՛ ազգային մարմիններու եւ թէ՛ շրջանի քաղաքապետութեան կողմէ:

ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆԻՆ ԴԵՐԸ` ՀԻՄՆԱԿԱՆ         

Գլխաւոր բեռը բնականաբար կ՛իյնայ քաղաքապետութեան ուսերուն: Քաղաքապետն ու քաղաքապետական խորհուրդը, պետական այդ հաստատութեան բաժանմունքներով միասին, ամբողջական պատասխանատուութիւնը ունին ապահովելու քաղաքացիի նուազագոյն բարօրութիւնը, հասնելու անոր կենցաղային կարիքներուն եւ քաղաքը դարձնելու բնակութեան արժանի վայր: Ի վերջոյ, բնակչութիւնն է, որ իր որակով ու քանակով քաղաքը կը դարձնէ քաղաք, իսկ քաղաքապետութիւնը` քաղաքապետութիւն:

Իսկ ինչպէ՞ս բնակիչը կապուած կը մնայ իր քաղաքին. նուազագոյն պայմանները ի՞նչ են ներքին գաղթերու առաջքը առնելու: Իբրեւ մէկ բնական առաւելութիւն` Պուրճ Համուտ այսօր կը վայելէ աշխարհագրական յատուկ դիրք. մօտ է մայրաքաղաքի կեդրոնական շուկաներուն, կը գտնուի երկիրն ի վեր ընթացող ծովեզերեայ մայրուղիին կից, կը մնայ առեւտուրի շուկայ («Արաքս» փողոցը միայն ունի աւելի քան հարիւր եօթանասուն վաճառատուն), արհեստագիտութեան եւ գործարանային մանր արտադրութեանց կեդրոն, իսկ կարգ մը արհեստներ (տակաւին) կը մնան հայ վարպետի մենաշնորհ:  Անդին` կը մնան քաղաքին ժողովուրդին հանդէպ ունեցած տարրական պատասխանատուութիւնները. մաքրութիւն, արտաքին դիմագիծի (շպար) մնայուն պահպանում, բնակութեան մատչելիութիւն, երթեւեկի կանոնաւորում, առողջ միջավայրի ստեղծում եւ այլն:

Այս բոլորին լաւագոյնս հսկելու համար, իբրեւ ընդհանուր սկզբունք, քաղաքապետն ու քաղաքապետական խորհուրդի անդամները մնայուն բնակիչները պէտք է ըլլան նոյն այդ քաղաքին եւ մնայուն ականատեսը` շրջանի դիմագրաւած ամէնօրեայ (եւ ինչո՛ւ չէ` ամէնժամեայ) խնդիրներուն: Այլ խօսքով, երբ բանան իրենց ննջարանին պատուհանը, իրենք ալ շնչեն կոյուղիներու գարշահոտութիւնը, երբ պատշգամ դուրս գան, իրենք ալ ներշնչեն աղբի գործարանի անտանելի «բուրմունք»ը, կամ եթէ բարձրայարկ բնակութիւն հաստատած են, իրենք ալ վայելեն աղբակոյտի գեղասարը: Այո՛, աշխարհի տարածքին չկայ ինքզինք յարգող ոեւէ հաւաքականութիւն, որու քաղաքի ընտրանին ապրի նոյն այդ քաղաքի աշխարհագրականօրէն հաստատուած սահմաններէն դուրս: Քաղաքներու կանոնագրութեամբ իսկ անընդունելի է այդ մէկը:

Վերադառնանք այժմէական միւս  հարցերուն. Պուրճ Համուտի գլխաւոր խնդիրներէն մէկը կը մնայ քաղաքի բնակչութիւնը երիտասարդացնելու հարցը: Երիտասարդութիւնը կեանք ու աւիւն կը ներարկէ քաղաքին ու նոր դիմագիծ կու տայ անոր: Եւ առաջին պայմանը երիտասարդը քաղաքին կապելու` անոր բնակարան ապահովելն է: Անկասկած որ ողջունելի են այժմու «քեմփ»ի գետնի հաւասարեցման  ու շինարարական աշխատանքներու մեկնարկման ծրագիրները.  սակայն ե՞րբ է անոնց գործադրութիւնը. երբ գորտին աչքը դո՞ւրս ելլէ: Տակաւին, կու գա՞յ գարուն մէկ ծաղիկով: Ո՞ւր են միւս ծրագիրները, ո՞ւր են Պուրճ Համուտի նոր շէնքերը, երբ անդին, ամբողջ Լիբանանը թիզ առ թիզ կը կառուցուի եւ նորակառոյց շէնքերը սունկի պէս կը բուսնին ամէնուրեք: Աւելի՛ն. նոր շինարարութիւնը տեղացիին մատչելի դարձնելու համար, բնակեցման առկայ վարկերու առընթեր, քաղաքապետութիւնը կրնայ վարկային նոր ծրագիրներ մշակել ու զանոնք գործադրութեան դնել` կա՛մ իր նիւթական կարելիութիւններով եւ կա՛մ ալ դրամատուներու հետ գործակցաբար:

Նոր շինարարութեանց կողքին, կայ քաղաքի նորոգման ու յարդարման հարցը: Դժբախտաբար կարելի է անվարան ըսել, որ Պուրճ Համուտի մէջ իւրաքանչիւր շէնք հիմնական նորոգման կարիքը ունի: Հոս եւս մեծ է քաղաքապետութեան դերը: Կարելի է սկսիլ շպարով, պարտադրելով, որ իւրաքանչիւր սեփականատէր նուազագոյնը անգամուան մը համար բարեհաճի ներկել իր շէնքը, մանր նորոգութիւններ ընէ, ինչո՛ւ չէ` քաղաքապետութեան օժանդակութեամբ: Սա ամբողջովին կը փոխէ շրջանին դիմագիծը եւ բոլորը կը մղէ աւելի արմատական քայլերու դիմելու, աւելի մեծաքայլ նորոգութեանց ձեռնարկելու: Գաղտնիք չէ, որ քաղաքը կարիքը ունի ենթակառուցային լուրջ բարեկարգումներու (կիսափուլ շէնքեր, չորրորդ աշխարհը յիշեցնող բնակարաններ), իսկ քաղաքապետութիւնը այդ ուղղութեամբ ոչ մէկ գործնական քայլի կը դիմէ ու կը մնայ ձեռնածալ: Նոյնիսկ քաղաքամուտքերը կը յատկանշուին կիսափուլ շէնքերու պատկերներով, մինչ զարդարուած ցուցափեղկերը պէտք է ըլլան քաղաքին:

Շէնքերու շպարի ծիրին մէջ, ժամանակը հասած չէ՞ նաեւ զբաղելու փողոցներու մէկ կողմէն միւսը երկարող սարդի ոստայններով: Անշուշտ ակնարկութիւնը կ՛երթայ Գորդեան հանգոյցներու վերածուած ելեկտրական թելերուն, ելեկտրական բաժանորդագրութեան ցանցերուն,  հեռաձայնի գիծերուն, համացանցի կապերուն ու հեռատեսիլի լարերուն «սուրբ» միութեան: Աղեքսանդր Մակեդոնացի՞ է պէտք` քակելու համար այդ հանգոյցը, թէ՞ նուազագոյն ծրագրում ու գործադրութիւն: Պուրճ Համուտը ինչո՞վ ետ կը մնայ այլ քաղաքներէ, ուր գոնէ թելերու այդ աներեւակայելի խճճուածութիւնը ժողովուրդէն խնայուած է:

ԵՐԹԵՒԵԿՆ ՈՒ ԿԱՆԳԱՌՆԵՐ

Պուրճ Համուտի զարգացման եւ առեւտուրի բարելաւման մէջ անպայման որ մեծ դեր կը խաղան երթեւեկի կարգաւորումն ու կանգառներու կազմակերպումը, որոնք կու գան ձեռք-ձեռքի: Քաղաքի սահմաններուն մէջ կը գործեն գնահատելի թիւով սեփական կանգառներ, որոնք հանրութեան կարելիութիւնը կու տան խնայելու ժամանակ եւ ճարելու ինքնաշարժի տեղադրման ապահով վայր մը: Կան նաեւ մայր պողոտաներու վրայ արագ ելեւմուտքի վճարովի կանգառները, որոնք եւս կը մատուցեն իրենց ծառայութիւնը` առաւօտեան ժամը 9-էն երեկոյեան ժամը  6: Եւ կայ մնացեալը. այսինքն` լաբիւրինթոսը: Ծաղկամաններ (շարժուն ու անշարժ)` յաճախ  առանց ծաղիկի, աթոռակներ ու աթոռներ, մեծ խաւաքարտէ տուփեր, մետաղեայ սիւներ (կրկին շարժուն ու անշարժ), ծուռ նայուածքներ եւ անբարեհաճ դէմքեր, որոնք քեզ կը դիմաւորեն երբ կը փորձես ինքնաշարժդ ճամբու վրայ տեղաւորել: Անշուշտ կան ամիսներով, ու երբեմն ալ տարիներով անշարժ մնացած, յաճախ խարխլած ինքնաշարժներ, որոնք կը գրաւեն այնքան արժէքաւոր փողոցային կանգառները ու կը ծառայեն իբրեւ աղբակոյտերու ամբարման վայրեր եւ առ այդ` իբրեւ առնէտներու բոյներ:

Պէտք է ըսել, որ խճողման կէտերուն վրայ Պուրճ Համուտի երթեւեկի կարգ մը ոստիկաններ գնահատելի գործ կ՛ընեն: Անոնք իսկապէս կ՛օժանդակեն ինքնաշարժներու հոսքի հեզասահ կարգաւորման. կը մնայ, որ անոնք իրենց աշխատանքը համադրեն յաջորդող քառուղիներու ոստիկաններուն հետ` թեթեւցնելու համար խճողումը: Անշուշտ միշտ կան անուղղայ վարորդներ, որոնք կրկնակի կանգնեցնելով իրենց ինքնաշարժները` մեծապէս կը դժուարացնեն ոստիկաններու գործը: Լուծո՞ւմը: Հեշտ է. տուգանե՛լ, տուգանե՛լ եւ տուգանե՛լ:

Դժբախտաբար երթեւեկի աշխուժ ոստիկանները կը շոգիանան խաւարին հետ (պիտի չարժէր խօսիլ մնացեալին մասին, որ աշխատանքի ամէնէն թէժ ժամերուն անգամ զբաղած է եռանդամ հանդիպումներով կամ բջիջային գործիքներով): Կարծէք` քաղաքը կատարած է իր պարտականութիւնը քաղաքացիներուն հանդէպ, եւ իւրաքանչիւր վարորդ ձգուած է իր ճակատագրին ու հայեցողութեան: Կարելի է հանդիպած վայրը կանգնեցնել ինքնաշարժը, երթալ հակառակ ուղղութեամբ, դառնալ տէրը փողոցին: Երբ կատուն շուտ կը մեկնի, մուկերը պատրաստ են հարսանիքի:

ՕՐԷՆՔ, ՏՈՒՐՔ, ՏՈՒԳԱՆՔ, ԳՈՐԾ   

Քաղաքապետութիւնը առկայ օրէնքները գործադրութեան դնելու, ի հարկին նոր օրէնքներ մշակելու եւ օրինազանցը տուգանելու ամբողջական իրաւասութիւնն ու պատասխանատուութիւնը ունի: Նաեւ հետամուտ պէտք է ըլլայ տուրքերու ժամանակին գանձման գործին: Աւելցուցէք  արտօնագիրներէն հաւաքուելիք օրինական գումարները եւ պիտի նկատէք գումարներու առաւելութիւն մը, որ ինքնաբերաբար պիտի ծառայէ նոր պաշտօնէութեան ընդունման եւ աշխատանքներու ճիւղաւորման եւ նոր ծրագիրներու մշակման ու գործադրման: Փաստօրէն, քաղաքի կառավարման գործին մէջ վերը նշուած չորս բառերը իրարու շաղկապուած են եւ` զիրար ամբողջացնող:

ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄ ԵՒ ՔԱՂԱՔԻ ՈՒՌՃԱՑՈՒՄ

Պուրճ Համուտը իր մանր ու միջակ չափի առեւտուրի վաճառատուներու եւ արհեստանոցներու մեծ թիւով արդէն իսկ հաստատուած շուկայ կը համարուի, հակառակ անոր որ ծանօթ վաճառանիշով եւ միջազգային ճանաչումով խանութներ չկան: Սակայն երկրին մէջ տիրող ուժեղ մրցակցութիւնը կը պարտադրէ, որ քաղաքը յատուկ ուշադրութիւն դարձնէ տեղացիներ ու զբօսաշրջիկներ ներգրաւելու գործին: Մաքրութիւնը, կանոնաւոր երթեւեկի դրութիւնը, կանգառներու դիւրամատչելիութիւնը, ճաշարաններու ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ բարձր որակն ու լաւ արժէքները պիտի ստեղծեն քաշողականութիւն:

Կը մնայ որոնել ձեւեր` յաւելեալ աշխուժութիւն ապահովելու համար Պուրճ Համուտին: Կարելի է ըսել, որ բացի ընկերային ապահովութեան կեդրոնէն («Տաման») եւ ջուրի ու հեռախօսի ընկերութեանց գրասենեակներէն, չկան Պուրճ  Համուտի տարածքին գործող պետական թէ հանրային ծառայութեանց  շէնքեր կամ գրասենեակներ: Այս ուղղութեամբ յաջողութեամբ պսակուելիք որեւէ աշխատանք  կրնայ լաւապէս արդիւնաւորուիլ ու եկամուտ ապահովել քաղաքին` թէ՛ այդ վայրերուն մէջ աշխատողներու ճամբով եւ թէ՛ այցելուներու միջոցով: Նոյն տրամաբանութեամբ, որքան լաւ պիտի ըլլար, եթէ համալսարան մըն ալ գար ու իր շէնքերը կառուցէր Պուրճ Համուտի սահմաններուն մէջ:

«ՄԱՍԹԸՐ ՄՈԼ»-Ի ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ     

Այստեղ պիտի չփորձենք քննել, թէ ինչ պատճառներով «Մասթըր Մոլ»ը տարիներ շարունակ վերածուեցաւ ուրուական կառոյցի մը: Սակայն պէտք է արձանագրել, որ այդ կառոյցը կ՛ընդգրկէր Լիբանանի առաջին փակ շուկաներէն մէկը եւ ամէն կերպ զարգանալու կարողականութիւնը ունէր: Հոս եւս իտէալական պիտի ըլլար, եթէ քաղաքապետարանը, հակառակ առկայ դժուարութիւններուն, ստանձնած ըլլար առաջնորդողի դեր ու վերականգնած ըլլար ամբողջ կառոյցը` զայն վերածելով առեւտրական աշխուժ բոյնի մը: Յամենայն դէպս, աւելի լաւ է ուշ, քան երբեք:

ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

Ի՛նչ ալ ըլլան տիրող պայմանները, Պուրճ Համուտը կը մնայ Լիբանանի հայութեան զարկերակը: Այնտեղ է Ազգային առաջնորդարանը, այնտեղ է Լիբանանահայ օգնութեան խաչը, հո՛ն է Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր կառոյցներով, մամուլով ու ձայնասփիւռով, հայ դպրոցն ու հայ եկեղեցին` իր համայնքներով, ազգային բարեսիրական բազմաթիւ հաստատութիւններ, մշակութային, մարզական  ու երիտասարդական կեդրոններ, երկու թատերասրահներ: Բոլորն ալ կը գործեն անարգել, ազգօգուտ նպատակներով` միշտ վայելելով  քաղաքապետարանին հովանաւորութիւնը:

Գնահատելի երեւոյթներ են Պուրճ Համուտի մասնակի կանաչապատումը, քաղաքապետարանի շէնքի ընդարձակումն ու բարեզարդումը, հրապարակի ու առեւտուրի գլխաւոր  շուկաներու յարաբերական մաքրութիւնը, ինչպէս նաեւ քաղաքապետարանի պաշտօնէութեան յաւելեալ նախանձախնդրութիւնը` աշխատանքի հանդէպ: Դրուատելի է նաեւ հանրային  պարտէզի կառուցումն ու օգտագործումը:

ԵԶՐԱՓԱԿՈՒՄ

Այս ակնարկը ուսումնասիրական աշխատանք չէ: Ոչ ալ հիմնուած է տեղեկահաւաքի վրայ: Թերեւս կարելի է զայն համարել Պուրճ Համուտով սնած, Պուրճ Համուտով յաճախ ներքին հպարտութիւն ապրած հայու մը ինքնաքննադատութեան փորձ մը:

Պէտք չէ ականջ տալ այն պարտուողական ակնարկութիւններուն, թէ ամբողջ Լիբանանը բարեկարգումի կարիքը ունի, եւ թէ` Պուրճ Համուտը անոր մէկ մասնիկն է, թէ փտածութիւնը, կաշառքն ու «խնամիութիւնը» համատարած ախտեր են ու պատրանք է տարբեր բան ակնկալել հայաշատ այս քաղաքէն:

Պուրճ Համուտի «գարուն»-ը Պուրճ Համուտի հայութեան ձեռքերուն մէջ է: Անոր պատրաստակամութեան ու յամառ աշխատանքին արգասիքը կրնայ ըլլալ ան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES