ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԱԾ ԵՒ ՄԱՀԱՑԱԾ ՆՈՒԻՐԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆԻ ԱՐՏԱՍԱՆԱԾ ԽՕՍՔԸ
«Դաշնակցութեան գործը եւ բարոյականը, հաւասարազօր եւ անքակտելի, իրարու շաղկապուած են: Այդ գործը եւ բարոյականը միասին մարմնացած են Դաշնակցութեան կազմակերպութեան մէջ: Այդ իսկ պատճառով, ամէն մէկ դաշնակցական կը զգայ եւ պարտաւոր է զգալ, որ ինքը անհատաբար, եւ իր ընկերներուն հետ հաւաքաբար, կրողը կը հանդիսանայ մեծ նպատակի մը, որ ամբողջ ժողովուրդէ մը կու գայ իրեն, եւ` մեծ բարոյականի մը, որ հազարաւոր տիտան ընկերներէ ժառանգութիւն մըն է` փոխանցուած մեզի, ողջ եղողներուս, ոչ թէ այդ բարոյական դրամագլուխը սպառելու, այլ բան մը աւելցնելու անոր վրայ:» Դաշնակցական մեծ մտաւորական Կարօ Սասունիի այս խօսքը ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի մէջ կը կարդանք 1948-ին եւ պէտք է ընդունինք, որ մինչեւ այսօր կը պահէ իր այժմէութիւնն ու խորհուրդը:
Յարգելի նահատակ, անձնուրաց, նուիրեալ դաշնակցական ընկերներ, որ արդէն իսկ հեռացած էք այս կեանքէն, այսօր 121- ամեակն է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ Դաշնակցութեան Լիբանանի մեծ ընտանիքը, իր ուղեկից միութիւններով, պատանիներով, երիտասարդներով , ուսանողներով ու համակիրներով հաւաքուած է այստեղ, ձեր պանթէոնին դիմաց, ոչ թէ յաւուր պատշաճի իր յարգանքի տուրքը տալու, այլ ձեզի հետ միասին նաեւ հայոց պատմութեան այս կարեւոր թուականը նշելու, որուն պատմութեան հարստացման մէջ դուք բոլորդ ունիք ձեր վճռորոշ դերակատարութիւնը: Եկած են այսօր ու կանգնած` ձեր դիմաց, դաշնակցական անկեղծ զինուորի հաւատքով ու վճռակամութեամբ, ինքնահաշուետուութիւն կատարելու, անգամ մը եւս հաստատելու` կեանքի գնով ծառայելու հայ ժողովուրդին ու անոր ազգային հաւաքական տեսլականներուն եւ վերանորոգելու մեր ուխտն ու շարունակելու մեր հաւաքական երթը: Եկած ենք, սիրելի անձնուրաց ու նուիրեալ ընկերներ, այսօր, ձեր պատգամին ականջալուր ու ձեր վաստակին պահապան մնալու համոզումով ու քիչ մը աւելի դաշնակցականանալու ձեր վարակիչ օրինակով:
Սիրելի ու ամոռաց ընկերներ, գիտէք, որ այսօր մեծ են մեր մարտահրաւէրները, եւ ձեր տիպարային ներկայութեամբ մենք պատրաստ ենք դիմագրաւելու այդ բոլորը: Յառաջիկայ տարի Հայաստանի մէջ պիտի կայանան Ազգային ժողովի ընտրութիւններ եւ Դաշնակցութեան կեդրոնական այս գաղութը իր ողջ կարողականութեամբ պիտի սատարէ հայրենի հողին վրայ Դաշնակցութեան գաղափարներու ու տեսլականներու յաւելեալ ծաւալման ու ամրապնդման` ի խնդիր նորանկախ Հայաստանի պետականութեան ամրակայման, քաղաքական առողջ մշակոյթի ձեւաւորման ու հայ անհատի արժանապատուութեան բարձրացման:
Միջին Արեւելքի հայկական գաղութները այս օրերուն կը դիմագրաւեն մեծ դժուարութիւններ, եւ մենք ամբողջական յանձնառութեամբ կը փորձենք մեր ժողովուրդը հեռու պահել ցնցումներէ` ցուցաբերելով գերզգօն քաղաքական մօտեցում, որ ժառանգած ենք ձեզմէ:
Մեր պատանեկան եւ երիտասարդական կառոյցները կարիքը ունին յաւելեալ զօրակցութեան ու աջակցութեան, որովհետեւ այսօրուան ժամանակները այդքան ալ ձեռնտու չեն գաղափարական առողջ միջավայրի մէջ դաշնակցական նորահաս սերունդներ պատրաստելու առումով, այո՛, այս իմաստով, կը գտնուինք մեր ճիգերը հաւաքաբար կրկնապատկելու պարտաւորութեան դիմաց:
Լիբանանահայ կառոյցներու կենսունակութիւնն ու աշխուժութիւնը մեզի համար հրամայական խնդիր է ու անոնց դժուարութիւններուն յաղթայարումը եւ գործի ամբողջական ճառագայթումը կարեւոր նպատակ, որոնց իրագործման համար մեր գործին կը փորձենք տալ նոր որակ եւ տարողութիւն:
Հայութեան պահանջատիրական երթին ու Հայ դատի հետապնդման հոլովոյթին մէջ եւ, մանաւանդ, վերջին շրջանին միջինարեւելեան երկիրներուն մէջ թրքական թափանցումներու դիմաց կը փորձենք ցուցաբերել ամբողջական արթնամտութիւն ու զգօնութիւն:
Արցախի գոյապայքարին մէջ, այո՛, ձեր պատգամին անսացին այս գաղութէն մեծ թիւով երիտասարդներ, ունեցանք նահատակներ, որոնք միացան ձեզի, եւ այսօր այդ գոյապաքարի բնական շարունակութիւնը հանդիսացող ու մեր նուաճումները ամրակայող Արցախի շրջաններու վերաբնակեցման աշխատանքին մէջ Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքը կը ծաւալէ մեծ աշխատանք, եւ մեր ժողովուրդը գիտակից մօտեցումով զօրավիգ է այդ աշխատանքներուն:
«Զաւարեան» ուսանողական միութիւնը եւ Լիբանանի երիասարդական միութիւնը, որոնց դաստիարակչական ու գաղափարական ուղիներու ճշդորոշման մէջ դուք ունիք ձեր վաւերական ներդրումը, կը փորձեն Հայաստանով ու Արցախով շնչել, ու տարեկան իրենց գործունէութեան համահայկական օրակարգերու գործադրութեան համար հայրենի հողին վրայ իրենց համար գործադաշտ կը ստեղծեն ու աշխատանք կը ծաւալեն:
Մեր մամուլը իր դերակատարութեան մէջն է ու ժամանակի պայմաններուն հետ քայլ պահելով` կը փորձէ հայ կեանքի բոլոր անցուդարձերուն հաղորդ պահել մեր հասարակութիւնը:
Մեր ժողովուրդի ընկերային եւ առողջապահական կարիքներուն անսալու մեր կառոյցներուն ճիգը առկայ է եւ մեր կոմիտէները արթուն պահակներն են մեր շրջաններու հայեցի դիմագիծի անաղարտ պահպանման եւ իբրեւ այդպիսին` իրենց կապը մնայուն ու հետեւողական է ժողովուրդի բոլոր շերտերուն հետ:
Ահաւասիկ, սիրելի վաստակաշատ ընկերներ, ընդհանրապէս մեր գործը: Յաւակնութիւնը չունինք ամբողջական ու կատարեալ աշխատանք մը կատարած ըլլալու գոհացումով ու բերկրանքով ձեր դիմաց կանգնելու այսօր, բայց կը վստահեցնենք, որ մեր մէջ գերակշռող կը մնայ մեր կարելին ընելու հաւաքական ճիգի դրսեւորումն ու գաղափարական այն ուժը, որ փոխանցած էք մեզի:
Վստահաբար կան նաեւ բացթողումներ, կ՛ընդունիք, որ մեր հաւաքական կեանքին մէջ, կարգ մը պարագաներու, տեղատուութեան ու անտարբերութեան նշաններ կը դրսեւորուին, եւ այս երեւոյթը անընդունելի է ձեզի համար եւ պէտք է անընդունելի դառնայ մեզի համար նաեւ, անտարակո՛յս: Որքան ալ առարկայական գործօններու հետեւանք ըլլան այդ բոլորը, գիտենք, որ իրաւունք չունինք այդպիսի կացութիւններու համակերպելու: Իրաւունք չունինք դաշնակցական ընկերականութիւնը մազաչափ իսկ իր տեղէն շարժելու. իրաւունք չունինք մեր ջիղերն ու մկանները թուլացնելու եւ հաւաքական գործէն հեռու մնալու եւ պարզապէս դիտող դառնալու: Մեզի` դաշնակցականներուս վիճակուած չէ սալոններու մէջ հանգիստ նստիլ ու պարզապէս հաճելի, բայց հնամաշ վերլուծումներ կատարել ու հայ կեանքի ժամանակակից հիմնախնդիրներէն հեռու մնալ: Կը գիտակցինք, որ դաշնակցական գործը մեր բոլորին ներդրումին կարիքը ունի եւ այդ գործը մեզ կը միաւորէ, կը պահէ միասնակամ եւ ամուր: Այդ գործը գաղափարական համարժէք պատուանդանի վրայ պահելու համար ձեր բարոյական ներկայութիւնը մեր երթը հունաւորող հիմնական ուղենիշն է եւ մնայուն յուշարար: Այո՛, մեր հաւաքական կեանքի ղեկավարութենէն մեծ են ձեր ակնկալելիքները, բնական է, որ միշտ մրճահարէք ու շեշտադրէք այդ բոլորը: Գաղութի մտաւոր եւ ընդհանրապէս ողջ կարողականութեանց համախմբումը ղեկավարութեան պարտաւորութիւնն է, իսկ լիբանանահայ գաղութի համահայկական դերակատարութեան յաւելեալ ճառագայթումը ղեկավարութեան ու բոլոր շարքերուն ճիտին պարտքն է միաժամանակ:
Այո՛, սիրելի ու անմոռաց ընկերներ, Դաշնակցութիւնը ապագայի կուսակցութիւն է, Հայաստանն ու հայութիւնը ամէն բանէ վեր դաւանող կուսակցութիւնը, ի խնդիր ազատութեան ու անկախութեան մէջ լիարժէք կերպով իր կեանքը կերտելու եւ ամբողջական Հայաստանի բոլոր բարիքները վայլելու արդար ու անկորնչելի իրաւունքը իրեն վերադարձուած հայ անհատին համար, բովանդակ ու միասնակամ հայութեան համար:
Կը քալենք ձեր բացած ուղիէն` խրոխտ, հաստատ, վճռական, շրջահայեաց ու անկեղծ, գաղափարական մարդու հարազատ ապրումով:
Ձեր վարձքը կատար, կը մնանք հաւատարիմ ձեր գործին ու վաստակին:
4 դեկտեմբեր, 2011