«ՔՈՅՐԻԿՍ ՄԻ՛ ԾԱԽԵՐ, ՄԱ՜Մ»

«Ցկեանս նահատակութիւն»
Պատանեկան – Ա. հատոր
Գէորգ Աբէլեան

Ե. ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Այս գրախօսականը պիտի սկսէր այսպէս. «Նախքան այս գիրքին մասին խօսիլը` պէտք է ապաքինում մաղթենք անոր հեղինակին, որ քանի մը ամիսէ ի վեր գրեթէ անդամալուծուած վիճակի մէջ կը գտնուի` առանց խօսքի եւ շարժումի: Մաղթենք, որ շուտով վերագտնէ իր առողջ ու աշխուժ կենցաղը եւ շարունակէ իր կիսատ մնացած բազմաթիւ ծրագիրները»:

Դժբախտաբար, սակայն, մաղթանքը արդիւնք չունեցաւ, անցեալ շաբաթ սրտի կաթուածի պատճառով հեղինակը մահացաւ, եւ շատ մը ծրագիրներ կիսատ մնացին:

Ուրեմն հիմա պարտաւոր ենք այս նշմարը սկսիլ ուրիշ ձեւով: Լոյս իջնէ հոգւոյդ, ընկ. Ճորճ Աբէլեան, վաստակաւոր հրապարակագիր, գրագէտ, մշակութային-կրթական եւ կուսակցական գործիչ: Միակ մխիթարութիւնը այն է, որ հանգուցեալը առիթ ունեցաւ տեսնելու նոր հրատարակուած այս հատորը, ուրախանալու եւ շնորհականութիւն յայտնելու բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին այս հատորի հրատարակութեան, յատկապէս` խմբագիր Նորա Բարսեղեանին:

Հատորը լոյս տեսաւ երկու շաբաթ առաջ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանէն, որպէս «ՍԱՎԱ»-ի 8-րդ հրատարակութիւնը (Այնճար, Լիբանան, 2011):

Գէորգ (Ճորճ) Աբէլեանի այս հատորը պատանեկան հատորներուն առաջինն է, ինչ որ կ՛ենթադրէ, որ ասոր պիտի հետեւին այլ հատորներ եւս:

Հատորը խմբագրած է «Ազդակ»-ի անձնակազմէն Նորա Բարսեղեան` մեծ բծախնդրութեամբ, էջադրումը կատարած է Զարեհ Չէօրէքճեան, իսկ նկարազարդումը` Համօ Ապտալեան: Գիրքը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութենէն հրաշքով փրկուած պատանիներու յիշատակին որոնք` «պայքարեցան ապրելու, գոյատեւելու եւ իրենց հայկականութիւնը պահպանելու համար», ինչպէս արձանագրած է հեղինակը:

Այս հատորի հրատարակութեան մեծապէս օժանդակած են փրոֆ. Վարուժան Մազմանեան, վեր. Րաֆֆի  եւ տիկին Մսըրլեաններ եւ տէր եւ տիկին Լեւոն եւ Ժագլին Շեմմեսեաններ. հայ գիրքին եւ անոր առաքելութեան հաւատացող հայորդիներ, որոնց օժանդակութիւնը գնահատանքի արժանի է:

Գիրքին մէջ տեղ գտած են «Ցկեանս նահատակութիւն» հատորէն խտացուած ինը պատմուածքներ` 77 էջերու վրայ:

Գիրքը ունի յատուկ ուղղուածութիւն. անիկա ուղղուած է հայ պատանիներուն, աշակերտներուն, որպէսզի անոնք գիտնան, թէ` «ձեր տարիքը ունեցողներ որքան դժուար եւ ցաւալի օրեր ապրեցան: Նաեւ պիտի անդրադառնաք, թէ որքա՜ն դաժան պահերու իսկ հերոսները կառչած մնացին ամէն ինչի, որ հայկական էր. նոյնիսկ եթէ անիկա շատ փոքր էր ու աննշան», ինչպէս կ՛ըսէ հեղինակը «Խօսք` պատանիներուն» յառաջաբանին մէջ:

Մանկավարժ Գոհար Գանտահարեանը «Նախաբան»ին մէջ կ՛ըսէ. «Սերունդէ սերունդ բանաւոր կերպով փոխանցուող ընտանեկան սրտառուչ պատմութիւնները ի վերջոյ մոռացութեան պիտի դատապարտուէին, եթէ երբեք չհրատարակուէին Աբէլեանի մշակումը եղող այս աշխատութիւնը, որ անպայման կարեւոր ներդրում պիտի ունենայ մեր ազգային-հաւաքական յիշողութեան ամրագրումի ընդհանուր աշխատանքներուն մէջ»:

Տեղին է նաեւ Գանտահարեանին առաջարկը. «Մեր մէջ անկասկած կը գտնուին ստեղծագործ անձեր, որոնք Գէորգ Աբէլեանի նիւթերը օգտագործելով` կրնան զանոնք ծառայեցնել ցեղասպանութիւն արծարծող գեղարուեստական գրականութեան, որովհետեւ իւրաքանչիւր պատում, դրուագ, ընտանիքի մը քայքայման ու վերականգնման պատմութեան կրնայ վերածուիլ բանաստեղծութեան, թատրոնի, վէպի կամ ժապաւէնի եւ ծառայել վերոնշեալ նպատակին»:

Հայ պատանիին հասցէագրուած այս հատորը, որուն խորագիրը առաջին պատմութեան վերնագիրն է («Քոյրիկս մի ծախեր, մա՛մ»)` կը ներկայացնէ ինը իսկական փաստագրուած պատմութիւններ` Հայոց ցեղասպանութենէն ազատած ընտանիքներու անդամներուն, անոնց, տառապալից եւ աննկարագրելի զրկանքներուն  նաեւ` հերոսական պայքարով ու անպայման ապրելու ու գոյատեւելու ճիգով շարունակուած երթին մասին:

Այս պատմութիւնները մէկական հարուած են ցեղասպանութիւնները շարունակաբար հերքող Թուրքիոյ դէմ եւ նոր սերունդին համար ունին  ազգային դաստիարակութիւն կերտելու բոլոր տուեալները:

Գիրքն ու աշխատանքը գնահատելու ամէնէն արդիւնաւէտ ձեւը պատանիները ընթերցանութեան մղելն է: Ապահովենք իրենց գիրքը եւ հետամուտ ըլլանք, որ զայն անպայման կարդան: Եթէ յաջողեցանք, բոլորս յաջողած պիտի ըլլանք, եւ հեղինակին աշխատանքը կորուստի պիտի չենթարկուի: Հա՛յ պատանիներ, գիրքը ձեզ կը սպասէ:

9 դեկտեմբեր, 2011
Այնճար

Share this Article
CATEGORIES