ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԾԵՐԱԿՈՅՏԸ ՊՐԱՅԶԱՅԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԵՆԷՆ ՉԻ ՀՐԱԺԱՐԻՐ

Մեթիու Պրայզա

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջը կը հաղորդէ, որ նշեալ նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտարարած է, որ ծերակոյտը կը շարունակէ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին Մեթիու Պրայզայի թեկնածութեան քննարկումը եւ տակաւին անկէ չէ հրաժարած:

Դեկտեմբեր 2010-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Պրայզան մէկ տարուան ժամկէտով նշանակած էր Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան: Ան այդ որոշումը տուած էր առանց ծերակոյտի հաւանութեան, որուն ի պատասխան Պրայզայի թեկնածութեան հաստատումը արգելակուած էր:

Եթէ Պրայզայի թեկնածութիւնը չհաստատուի, ան Պաքուէն ետ պիտի կանչուի:

Share this Article
CATEGORIES