ԻՐԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ. ՄՈՍԼԵՀԻԻ ՌԻԱՏ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԿՈՒ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՍԽԱԼ ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՐԱՏԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԷՐ

Մոսլեհի եւ Նայեֆ իշխանը

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ յայտարարեց, որ Իրանի անվտանգութեան եւ տեղեկահաւաքի նախարար Հայտար Մոսլեհիի Ռիատ այցելութիւնը կատարուած է Ռիատի եւ Թեհրանի միջեւ սխալ հասկացողութիւնը փարատելու համար:

«Իրանի անվտանգութեան նախարարի Սէուտական Արաբիա այցելութիւնը սխալ հասկացողութիւնը փարատելու եւ երկու կողմերուն միջեւ ապահովական հարցերը քննարկելու երկու երկիրներուն պաշտօնատարներուն երկխօսութեան ծիրին մէջ է», ըսաւ ան:

Նշենք, որ Մոսլեհի երկուշաբթի օր Ռիատի մէջ հանդիպում ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ, ներքին գործոց նախարար Նայեֆ պըն Ապտել Ազիզ իշխանին հետ` քննարկելով հասարակաց հետաքրքրութիւն եղող շարք մը հարցեր:

 

Share this Article
CATEGORIES