ԺԻՐԻՆՈՎՍՔԻ` ՌՈՒՍԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒ
Ռուսական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Ռուսիոյ ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը Ռուսիոյ նախագահական ընտրութեան առաջադրած է իր ղեկավարին` Վլատիմիր Ժիրինովսքիի թեկնածութիւնը:
Վերջինս իր ղեկավարած կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին ընթացքին խօսք առնելով յայտարարած է, որ Ռուսիոյ ներկայ քաղաքական իրավիճակի զարգացման դիպաշարը կրնայ նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլի եւ «ոչ քրեմլինեան» թեկնածուի մը յաղթանակին պատճառ դառնալ:
«Այժմ մենք պէտք է պայքարինք յաղթանակի համար: Մենք առիթներ ունինք, որովհետեւ ամբողջ Արեւմուտքը պիտի նպաստէ Քրեմլինի թեկնածուի պարտութեան», ըսած է ան:
Ժիրինովսքի ընդգծած է նաեւ, որ իրենք ընտրութեան կ՛երթան լաւատեսութեամբ եւ բարձր տրամադրութեամբ:
Միւս կողմէ, ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Մոսկուայի մէջ յարձակում գործուած է Ռուսիոյ իշխող Միասնական Ռուսիա կուսակցութեան գրասենեակներէն մէկուն դէմ:
«Ինթըրֆաքս»` վկայակոչելով իրաւապահ մարմինները, կը հաղորդէ, որ անծանօթ անձեր կոտրած են գրասենեակի ապակիները եւ պատերուն սեւ ներկով վիրաւորական արտայայտութիւններ գրած:
Ռուսական ոստիկանութիւնը կը փնտռէ յանցագործները, սակայն զանոնք յայտնաբերելը դժուար է, որովհետեւ գրասենեակին մէջ տեսախցիկներ չեն եղած, իսկ դէպքն ալ ուշ գիշերով տեղի ունեցած է:


