ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՔՈՆԿՐԵՍԸ ԻՐԱՆԻ ԴԷՄ ՆՈՐ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐ ՊԻՏԻ ՀԱՍՏԱՏԷ

Ռուսական «ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ամերիկացի օրէնսդիրները Իրանի Կեդրոնական դրամատան դէմ նոր պատժամիջոցներ հաստատելու փոխզիջումային օրինագիծի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են:

Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան զինեալ ուժերու հարցերու յանձնախումբի հանրապետական եւ դեմոկրատական անդամները նշած են, որ փոխզիջումային տարբերակը կը ներառէ Սպիտակ տան շարք մը առաջարկները:

Խօսքը մասնաւորաբար կը վերաբերի Իրանի հետ առեւտրական գործունէութիւն ծաւալած շարք մը օտարերկրեայ ընկերութիւններուն դէմ «որոշ ճկունութիւն» ցուցաբերելուն:

Ըստ օրէնսդիրներուն, օրինագիծը հաւանութեան պիտի արժանանայ ընթացիկ շաբթուան ընթացքին: Ապա անիկա պէտք է ստորագրուի նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ:

Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամները համաձայնութիւն գոյացուցած են նաեւ Փաքիստանի 700 միլիոն տոլարի օժանդակութեան տրամադրումը սառեցնելու վերաբերեալ: Օժանդակութիւնը սառեցուած պիտի մնայ, մինչեւ որ Իսլամապատ Ուաշինկթընի ապացուցէ ինքնաշէն պայթուցիկ սարքերու փնտռտուքին ու զինաթափման աջակցելու իր պատրաստակամութիւնը:

Կ՛ընդգծուի, որ այս ուղղումը ներառուած է Փենթակոնի պիւտճէի վերաբերեալ օրինագիծին մէջ, որ նոյնպէս կը ծրագրուի որդեգրել այս շաբթուան ընթացքին:

 

Share this Article
CATEGORIES