«ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐԸ ԻՐԱՔԸ ՊԱՏԻՒՈՎ ԿԸ ԼՔԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ՕՊԱՄԱ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի Սպիտակ տան մէջ հանդիպում մը ունեցան, ապա Ուաշինկթընի Արլինկթըն ազգային գերեզմանատան մէջ ծաղկեպսակներ զետեղեցին Իրաքի մէջ զոհուած ամերիկացի զինուորներու շիրիմներուն:
«Պի. Պի. Սի.» կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Օպամա եւ Մալիքի քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւններն ու երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան կարելիութիւնները:
Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումին աւարտին Օպամա նշած է, որ ամերիկեան ուժերը Իրաքը կը լքեն արժանապատուութեամբ եւ բարձր գլուխով: Ան նաեւ վստահեցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն շրջանին մէջ Իրաքի գործընկերը ըլլալ եւ այլ երկիրները նախազգուշացուցած է Իրաքի տարածք ներխուժելէ:
Իրաքի վարչապետ Մալիքի իր կարգին յայտարարած է, որ Իրաք այժմ կրնայ իր սեփական անվտանգութեան ուժերուն վրայ յոյս դնել, սակայն Պաղտատ իրաքցի զինուորներու նախապատրաստման եւ սպառազինման հարցին մէջ տակաւին Միացեալ Նահանգներու օգնութեան կարիքը ունի:
Նշենք, որ տարեվերջին ամերիկեան զօրքերը Իրաքէն պիտի հեռանան: Ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, ամերիկեան ուժերու Իրաքէն հեռացումը նախատեսուածէն աւելի արագ կշռոյթով տեղի կ՛ունենայ, եւ անոնք շրջանէն չեն հեռանար, այլ` Քուէյթ կը տեղակայուին: