ԱՐԱԲ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆ, ՈՐ ՔԱԹԱՐԻ ԻՇԽԱՆՆ ՈՒ ԷՐՏՈՂԱՆԸ ՊԱՂԵՍՏԻՆՑԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԷՆ ՆԵՐՈՒՄ ՀԱՅՑԵՆ

Աուատ Ապու Տաքքա

«Պաղեստինը մասնատումը չ՛ընդունիր, ո՜վ Քաթար» արշաւի ընդհանուր քարտուղար, լրագրող Աուատ Ապու Տաքքա Դիմատետրի վրայ ողջունեց երիտասարդական ուժերն ու այն քաղաքական կողմերը, որոնք ընդառաջելով իրենց արշաւի հրաւէրին` երկուշաբթի գիշեր Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ Քաթարի դեսպանատան մօտ նստացոյց կատարեցին:

Ապու Տաքքա «Մաան» կայքէջին յայտնեց, որ «կ՛ողջունենք բոլոր անոնք, որոնք մեր հրաւէրին ընդառաջեցին եւ իրենց դժգոհութիւնը յայտնեցին վերջերս Տոհայի մէջ 2011-ի արաբական խաղերու մրցաշարքի բացման հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցածին նկատմամբ, եւ մեր ժողովուրդէն եւ պաղեստինեան դատին բոլոր զօրակցողներէն կը պահանջենք աշխարհի բոլոր մայրաքաղաքներուն մէջ, մասնաւորաբար արաբական եւ իսլամական մայրաքաղաքներուն մէջ Քաթարի դեսպանատուներուն մօտ ցոյցեր եւ նստացոյցեր կատարել, մինչեւ որ (Քաթարի) իշխանը անձամբ իրենց անարդարացի արարքին համար ներում հայցէ»:

Ան կոչ ուղղեց, որ պաղեստինեան պատուիրակութիւնը անմիջապէս հեռանայ արաբական խաղերէն` նշելով, որ «այն, ինչ որ Քաթար կատարեց, կասկածելի դերակատարութիւն էր եւ պաղեստինեան դատին դէմ ի շահ սիոնական ծրագիրին դաւադրելու համազօր էր»: Տաքքա ըսաւ, որ պաղեստինցի երիտասարդները երբեք պիտի չարտօնեն Պաղեստինը մասնատելու եւ անոր արաբական ու իսլամական ինքնութիւնը ծածկելու ձգտող ծրագիրներու գործադրութիւնը:

Ան զգուշացուց պաղեստինեան իրաւունքը տապալելու մշակութային ծրագրուած գործողութիւններով տարուելէ:

Միւս կողմէ, ան քննադատեց 6-7 դեկտեմբերին Պոլսոյ մէջ թուրք-արաբական ճարտարարուեստի խորհրդաժողովին գրքոյկին մէջ Ռամալլայի` իբրեւ Պաղեստինեան պետութեան մայրաքաղաք նշուիլը: Ան շեշտեց, որ «այդ հարցին շուրջ կարելի չէ լուռ մնալ եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան այս հարցով պէտք է պաղեստինցի ժողովուրդէն պաշտօնապէս ներում հայցէ»:

Տաքքա նշեց, որ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցածը Տոհայի մէջ տեղի ունեցածէն նուազ վտանգաւոր չէ` ընդգծելով, որ երկու դէպքերուն միջեւ գոյութիւն ունի կապ մը, որ միջազգային կարծիք եւ մթնոլորտ կը պատրաստէ ի նպաստ քաղաքական քարտէսի մը, ուր Պաղեստինի սահմանները կրճատուելով կը ներառեն իր պատմական հողամասերուն մէկ մասը` ունենալով Երուսաղէմի այլընտրանքային մայրաքաղաք մը: Ան այս երեւոյթին նկատմամբ ահազանգ հնչեցուց:

Share this Article
CATEGORIES