ՄԱԿ-Ի ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՍՈՒՐԻՈՅ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ԶԵԿՈՒՑՈՒՄ ՄԸ. «ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԶԻՆԵԱԼ ԾԱՅՐԱՅԵՂԱԿԱՆ ԽՄԲԱԿՆԵՐՈՒՆ ՆՊԱՏԱԿԸ ԱՐՏԱՔԻՆ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԴԱՐԱՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԱՂԷՏ ՍՏԵՂԾԵԼՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ԼԱՒՐՈՎ

Սերկէյ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ Ալճերիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «Սուրիոյ մէջ գործող զինեալ ծայրայեղական խմբակներուն նպատակը երկրին ներքին հարցերուն միջամտութեան իրենց պահանջը արդարացնելու համար մարդկային աղէտ ստեղծելն է»:

Ան ըսաւ, որ «Մոսկուա սուրիական ղեկավարութեան ամէն օր կոչ կ՛ուղղէ ստորագրելու Սուրիա դէտեր ուղարկելու համար Արաբական լիկային առաջարկած արձանագրութիւնը»` աւելցնելով, որ «եթէ Դամասկոս այս հարցով հետաքրքրուած է, ապա Ռուսիա եւ ՊՌԻՔՍ խմբաւորման (Պրազիլ, Ռուսիա, Հնդկաստան, Չինաստան եւ Հարաւային Ափրիկէ) մէջ իր գործընկերները կրնան իրենց դէտերը ուղարկել Սուրիա` միանալու արաբական պատուիրակութեան»: Ան մերժեց այն քննադատութիւնները, թէ Ռուսիա Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սուրիոյ վերաբերեալ որոշում մը կ՛արգելակէ` նշելով, որ այդ քննադատութիւնները ուղղող երկիրները իրենք կ՛օժանդակեն բռնարարքները գործող զինեալ խմբակներուն:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով «ԻԹԱՐ ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Ռուսիա պիտի չարտօնէ, որ Սուրիոյ ներքին հարցերուն ուղղակի կամ անուղղակի կերպով զինուորական միջամտութեան կարելիութիւն կ՛ընձեռէ: Ան նաեւ նշեց, որ Ռուսիա Սուրիոյ թղթածրարը միջազգային քրէական դատարանին փոխանցելու պատճառ մը չի տեսներ` աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ բռնարարքներուն պատասխանատուութիւնը միայն սուրիական իշխանութիւնները չեն կրեր, «որովհետեւ գաղտնիք չէ, որ ծայրայեղ տարրեր կան, որոնք ընդդիմութեան կողքին կը կռուին եւ իրենց զէնքերը արտասահմանէն ստացած են»:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը դռնփակ նիստի մը ընթացքին քննարկեց ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց յանձնախումբի յանձնակատար Նաւի Պիլայի` Սուրիոյ մէջ մարդկային իրաւանց կացութեան վերաբերող զեկուցումը, ըստ որուն` սուրիական իշխանութիւններուն շղթայազերծած ապահովական արշաւին պատճառով շուրջ հինգ հազար զոհ արձանագրուած է եւ գոյութիւն ունին փաստեր, թէ սուրիական վարչակազմը մարդկութեան դէմ ոճիրներ գործած է: Պիլայ Ապահովութեան խորհուրդէն պահանջեց սուրիական թղթածրարը փոխանցել միջազգային քրէական դատարանին:

ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ դեսպան Պաշշար Ժաաֆարի նիստէն ետք բուռն կերպով քննադատեց զեկուցումին մէջ տեղ գտած եւ կարգ մը պետութեանց արտայայտած այն գաղափարը, թէ Սուրիա քաղաքացիական պատերազմի եզրին կը կանգնի: «Ասիկա կը նշանակէ, որ կ՛ուզեն կացութիւնը առաջնորդել դէպի մարդասիրական պատճառներով միջամտութիւն, եզր մը, զոր հնարած է ֆրանսացի մը` Ֆրանսայի նախկին արտաքին գործոց նախարար Պեռնար Քուշներ. իրենք Սուրիոյ մէջ մարդասիրական տագնապի մը գոյութեան վարկածը հաստատելը կը հետապնդեն, որպէսզի հետագային արդարացնեն իրենց «մարդասիրական միջամտութիւնը»: Ի միջի այլոց այն ինչ որ ներկայիս «մարդասիրական պատճառներով զինուորական միջամտութիւն» կը կոչեն, նոր եզր մըն է, որ դիւանագիտական ամբողջ ասպարէզիս ընթացքին չեմ լսած»:

Ան աւելցուց, որ այդ խօսքը վտանգաւոր է, կը խախտէ միջազգային օրէնքը եւ շրջանը կը մղէ դէպի պայթում եւ կացութեան վատթարացում` ընդգծելով, որ «լուծումը պէտք է սուրիական ըլլայ` ըստ արաբական նախաձեռնութեան»: Սուրիոյ դեսպանը նշեց, որ Արաբական լիկայի եւ միջազգային ընտանիքի առաքելութիւնը ծայրայեղական ընդդիմութիւնը դէպի համապարփակ ազգային երկխօսութեան մասնակցութիւն մղելն է: Ան նշեց, որ Սուրիա կ՛ուզէ, որ միջազգային ընտանիքը իրեն ճիշդ ուղղութեամբ օժանդակէ եւ ոչ թէ ներքին հարցերուն միջամտէ եւ շրջանին մէջ կայունութիւնը խանգարէ` պարզապէս Իսրայէլի ծառայելու համար:

ՄԱԿ-ի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ժերար Արօ յայտնեց, որ Ապահովութեան խորհուրդը ներկայիս Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցողին համար բարոյական պատասխանատուութիւն կը կրէ` նշելով, որ Ապահովութեան խորհուրդին լուռ մնալը գայթակղութեան համազօր է: Ան նշեց, որ «Սուրիոյ մէջ կացութիւնը վտանգաւոր է եւ սուրիական իշխանութիւնները տեղի ունեցածին պատասխանատուութիւնը կը կրեն»:

ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի տեղակալ Ռոզմերի Տը Քարլօ նշեց, որ Սուրիոյ մէջ մարդկային իրաւանց կացութիւնը միջազգային խաղաղութեան եւ ապահովութեան վտանգ մը կը ներկայացնէ: Ան շեշտեց, որ Ապահովութեան խորհուրդը սուրիացի ժողովուրդին կողքին պէտք է կանգնի, իսկ իր երկիրը յառաջիկայ օրերուն Արաբական լիկայի գումարելիք ժողովին արդիւնքը կը սպասէ:

ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Վիթալի Չուրքին իր կարգին յայտնեց, որ «կը կարծեմ, որ բոլորս ալ խոր մտահոգութիւն կը զգանք Սուրիոյ մէջ վերջին ամիսներուն արձանագրուած ողբերգական զարգացումներուն նկատմամբ եւ կ՛ուզենք, որ անոնք դադրին, ինչ որ 3 օգոստոսին մեր հրապարակած հաղորդագրութիւնը կ՛ըսէր: Շատեր կ՛ըսեն, որ Ապահովութեան խորհուրդը բան մը պէտք է ըսէ, սակայն իսկապէս ըսաւ բան մը եւ նախագահական շատ կարեւոր հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց, որ ըստ իս կարեւոր կէտ մը կը բովանդակէ` Սուրիոյ մէջ կացութեան լուծման միակ ճամբան սուրիական ղեկավարութեամբ քաղաքական հոլովոյթ մըն է, իսկ քաղաքական հոլովոյթը մեզի համար կը նշանակէ երկխօսութիւն, ուստի Ռուսիա երկխօսութիւնը կը քաջալերէ»:

Մինչ այդ, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «սուրիացի ժողովուրդին ապահովութիւնը երաշխաւորել կարելի է միայն Սուրիոյ համամտութեամբ»` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է դէտերուն «արձանագրային» իրաւաբանական ծիր մը դնել, եւ մենք Սուրիոյ կողմէ այդ արձանագրութեան ստորագրութեան կը սպասենք, որովհետեւ երկու անգամ ըսին, թէ զայն պիտի ստորագրեն եւ չըրին, այլ նոր պայմաններ կը դնէին»:

Ան շեշտեց, որ «սուրիական թղթածրարը միջազգայնացնելու հարցը արաբ արտաքին գործոց նախարարները պիտի ճշդեն` սուրիական վարչակազմի արարքներուն լոյսին տակ»:

Արաբ պաշտօնատար մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ որոշուած է շաբաթ օր Սուրիոյ հարցով նախարարական խորհուրդի եւ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով Արաբական լիկայի երկու անմիջական ժողովներ գումարել: Ան նշեց, որ յանձնախումբին ժողովը ժամը 10:00-ին տեղի պիտի ունենայ, իսկ Արաբական լիկայի ժողովը` ժամը 13:00-ին: Ան յոյս յայտնեց, որ սուրիական տագնապը արաբական լուծում մը գտնէ` առանց միջազգային միջամտութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES