«ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՐԳԱՒՈՐՈՒՄԸ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՈՒՄԷՆ ԿԱԽԵԱԼ Է» Կ՛ԸՍԷ ՉԻՉԵՔ
Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք երկուշաբթի օր Անգարայի մէջ Ազրպէյճանի նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւի յիշատակին նուիրուած երեկոյին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է. «Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը անմիջականօրէն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հետ կապուած է»:
Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահը իր խօսքին մէջ նաեւ Արեւմուտքը քննադատած է ղարաբաղեան տագնապի հարցին մէջ կրաւորական դիրքորոշում ունենալուն համար:
Ազրպէյճանական «Էյ. Էն. Էս. Փրես» կայքէջը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Չիչեք իր խօսքին մէջ յայտարարած է, որ «մեր առաջնահերթութիւններէն մէկը ազրպէյճանական բռնագրաւուած հողերու եւ հարիւր հազարաւոր գաղթականներու` հայրենի հողեր վերադարձն է»:
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ազրպէյճանի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը մեր արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնն է: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցողը Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան մեծագոյն սպառնալիքն է® Հայ-թրքական բնականոն յարաբերութիւններու ապահովման համար ամէնէն կարեւոր պայմաններէն մէկը ազրպէյճանական հողերու ազատագրումն է», ընդգծած է Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահը: