ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴՐԱՄԱԿԱՆ ՖՈՆՏԸ 56,1 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐԻ ՎԱՐԿ ՏՐԱՄԱԴՐԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ
Միջազգային դրամական ֆոնտը նախանցեալ օր 56.1 միլիոն տոլարի վարկ տրամադրած է Հայաստանին` ողջունելով երկրին «շրջահայեաց» քաղաքականութիւնը պիւտճէի պակասուրդը կրճատելու եւ արժեզրկումը զսպելու ուղղութեամբ:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ կատարելով հերթական յատկացումը 413.4 միլիոն տոլարի եռամեայ վարկային ծրագիրի ծիրին մէջ` ֆոնտը նշած է, որ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը չէ հասած պահեստներ ստեղծելու ուղղութեամբ իր թիրախներուն:
«Պէտք է Հայաստանի իշխանութիւնները ողջունել ֆոնտի օժանդակած ծրագիրով կայուն քաղաքականութեան շարունակական իրականացման համար, ինչ որ նպաստած է այս տարի արժեզրկման մեղմացման եւ յետճգնաժամային վերականգնման շարունակման», յայտարարած է ֆոնտը:
Այսուհանդերձ, ֆոնտը յորդորած է Հայաստանի կառավարութեան աւելի շատ կառուցուածքային բարեփոխումներ իրականացնել` նպաստելու համար մասնաւոր սեփական մարզի աճին ու մրցակցութեան, եւ կը զգուշացնէ «համաշխարհային միջավայրէն բխող անկման մեծցող վտանգներէն, որոնք կրնան զօրացնել անոր առկայ խոցելիութիւնը»:
Հիմնադրամը կ՛ընդգծէ տարադրամի փոխարժէքին աւելի մեծ ճկունութեան, գործարար միջավայրի ամրապնդման եւ մրցակցութեան խթանման անհրաժեշտութիւնը:

