ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն յայտնեց, որ յառաջիկայ 27 դեկտեմբերին տեղի ունենալիք ընդհանուր գործադուլը կարելի է ջնջել, եթէ կառավարութիւնը որոշէ պենզինի եւ մազութի սակին նիւթական յատկացում տրամադրել, վառելանիւթին վրայ պարտադրուած յաւելեալ արժէքի տուրքը ջնջել եւ տուրքերու դրութիւնն ու փոխադրածախսի հարցը սրբագրել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական կացութիւնը կայուն է` աւելցնելով, որ սահմանային շրջանները շատ աւելի կայուն են, քան` որեւէ այլ շրջան:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական հարցերու ընդհանուր տնօրէն, դեսպան Շարպել Ուեհպէի հետ:

ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ախպար եաում» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը դարձած է միջազգային եւ ներքին պահանջ:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ֆրանսա որոշած է ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող ֆրանսական զօրամասին թուաքանակը նուազեցնել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր ողջունեց կառավարութեան կողմէ արտերկրի լիբանանցիներուն լիբանանեան քաղաքացիութեան վերատիրանալու իրաւունք շնորհող օրինագիծին վաւերացումը:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ մարզի սեփականատէրերու միութեան փոխնախագահ Զիատ Պաքտաշ շեշտեց, որ լիբանանցի աշխատաւորներուն յատկացուած յաւելումը այս հանգրուանին լաւագոյն կարելիութիւնն է:

ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ եւ տնտեսութեան նախարար Նիքոլա Նահհաս յայտնեց, որ կարելի չէ աշխատավարձի յաւելման առումով կառավարութեան տուած որոշումը սրբագրել, սակայն այդ յաւելումին կողքին կարգ մը յաւելեալ ծառայութիւններ մատուցելու կարելիութիւնը տակաւին առկայ է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ համախմբումի նախարարներուն հրաժարականը այս հանգրուանին անհաւանական է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ անոր դաշնակիցներուն միջեւ արձանագրուած թիւրիմացութիւնը սեւ ամպ մըն էր, որ անցած է այլեւս, «իսկ Հըզպալլայի հետ փոխըմբռնումը կը մնայ հաստատ հիմերու վրայ», աւելցուց ան:

ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ լիկան երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ողջունեց արտերկրի լիբանանցիներուն լիբանանեան քաղաքացիութեան վերատիրանալու իրաւունք շնորհելու կառավարութեան որոշումը, ինչպէս նաեւ խստիւ դատապարտեց հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը թիրախ դարձնող պայթումը` կոչ ուղղելով յարգելու Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էտմոն Ռըզք նշեց, որ դէպի հարաւային Լիբանան իսրայէլեան ներխուժում մը հաւանական է:

ՊԱԱՍ կուսակցութեան երեսփոխան Ասեմ Քանսօ «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ 150 միլիոն տոլար գանձած է Քաթարէն` իր կեցուածքներն ու տեսակէտները փոխելու համար:

Share this Article
CATEGORIES