ՓԻԵԹՈՆ. «ՖԻՆԻՒԼ-Ի ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՆԱԿԻՆ ԶՕՐԱԿՑԻԼՆ Է»
Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոն երէկ ստորագրեց գործակցութեան համաձայնագիր մը` ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի հետ:
Համաձայնագիրը ստորագրելէ ետք Փիեթոն յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հիմնական պարտականութիւնն է լիբանանեան բանակին զօրակցիլ ու անոր օժանդակել, որ իր իշխանութիւնը բանեցնէ ամբողջ Լիբանանի տարածքին:
Փիեթոն չհերքեց եւ չհաստատեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ Փարիզ կը միտի ՖԻՆԻՒԼ-ի մաս կազմող ֆրանսական զօրամասին թուաքանակը նուազեցնել:
Իր կարգին, Ապու Ֆաուր զգուշացուց հարաւային Լիբանանը ճակատումի դաշտի եւ շրջանային պատգամներ փոխանցելու դաշտի վերածելէ:
Ապու Ֆաուր ընդգծեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ արկածախնդրութիւններու ծայր տալը Լիբանանի շահերուն չի ծառայեր: