ՀԸԶՊԱԼԼԱ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԱՇՈՒՈՅՆ ԼՐՏԵՍՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐՈՂ ԳՈՐԾԱԿԱԼՆԵՐՈՒՆ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

Հըզպալլայի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Ուաֆիք Սաֆա եւ Նաուար Սահիլի, երէկ այցելեց արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուիի եւ ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզայի, որոնց հետ քննարկեց զինուորական վճռաբեկ ատեանին կողմէ արձակուած այն վճիռը, որուն հիման վրայ նախանցեալ օր ազատ արձակուեցան թշնամի Իսրայէլի հաշուոյն լրտեսութիւն կատարած լիբանանցի չորս գործակալներ:

Սահիլի յայտնեց, որ Իսրայէլի հաշուոյն լրտեսութիւն կատարած գործակալները ազատ արձակելու որոշումը շատ վտանգաւոր նախընթաց մըն է:

Այս շրջագիծին մէջ նախկին ընդհանուր դատախազ Ատնան Ատտում երէկ այցելեց նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու Իսրայէլի գործակալները ազատ արձակելու վճռաբեկ ատեանին վճիռը:

Հանդիպումէն ետք Ատտում նկատել տուաւ, որ այդ գործակալները ազատ արձակելու հարցին քաղաքական այլ խնդիրներու առնչուած ըլլալու հաւանականութիւնը մեծ է:

Share this Article
CATEGORIES