ԺԱՀԺԱՀ ԵՒ ՀԱՐԻՐԻ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻՆ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՕՐԻՆԱԿԻՆ
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Հըզպալլա ուղղակի կամ անուղղակի պատասխանատուութիւն կը կրէ ՖԻՆԻՒԼ-ի դէմ իր կատարած գործողութիւններուն համար:
Ժահժահ յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլա ապահովական իսկական ներկայութիւն է` աւելցնելով, որ ան կ՛արգիլէ, որ ՖԻՆԻՒԼ-ը հարաւի մէջ իր պարտականութիւնները կատարէ:
Այս շրջագիծին մէջ Ժահժահ կոչ ուղղեց լիբանանեան իշխանութիւններուն ոչ միայն դատապարտելու այդ միջադէպերը, այլ նաեւ որոշ քայլերու դիմելու` վերահաստատելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:
Իր կարգին, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կը տիրէ ապահովական վատթար կացութիւն մը, որուն դիմաց կառավարութիւնը ժողովուրդին կը ներկայանայ ուշքը կորսնցուցածի վիճակին մէջ:
Հարիրի յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ին դէմ գործուած պայթումը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կողմէ ուղղուած պատգամ մըն է, որ փոխանցուած է Լիբանանի մէջ իր ներկայացուցիչներուն ձեռամբ:
Միւս կողմէ, վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ` անդրադառնալով ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դէմ գործուած պայթումին յանցանքով Հըզպալլան եւ Սուրիան ամբաստանելու Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէի յայտարարութեան, ըսաւ, որ Ժիւփէի յայտարարութիւնը անհեթեթ է եւ անպատասխանատու: Ան դիտել տուաւ, որ այդ ամբաստանութիւնը մաս կը կազմէ Հըզպալլայի դէմ սանձազերծուած արշաւին:
Նշենք, որ երեսփոխան Ուալիտ Սըքքարիէ «Նաշրա» կայքէջին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ եւ Հըզպալլայի դէմ Ֆրանսայի արձակած ամբաստանութիւնները քաղաքական եւ մակերեսային են` աւելցնելով, որ իրենք կը զգուշացնեն, թէ Իսրայէլի գործակալները կարողութիւնը ունին հարաւային Լիբանան ներթափանցելու: