ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԱՄԻ ԺԵՄԱՅԷԼԸ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող հարցերը:
Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ անհրաժեշտ է լուծումներ գտնել Լիբանանի մէջ տիրող ապակայուն վիճակին: Ան դիտել տուաւ, որ այդ մէկը կատարելու լաւագոյն ձեւն է լիբանանեան պետութեան կողմէ իր իշխանութեան բանեցումը:
Նշենք, որ յառաջիկայ ուրբաթ օր Պքերքէի մէջ Ռայի պատրիարքին հովանաւորութեամբ պիտի գումարուի մարոնի ղեկավարներու վեհաժողով մը, որուն պիտի մասնակցին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ, ինչպէս նաեւ շարք մը երեսփոխաններ եւ մարոնի եպիսկոպոսներ:
Կը նախատեսուի, որ վեհաժողովին ընթացքին քննարկուին ընտրական օրէնքի նախագիծը եւ լիբանանեան ու շրջանային իրադարձութիւնները: