ՊԸՐՐԻ ԶՕՐ. ԱՍԱՐԹԱՅԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

Զօր. Ասարթա եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթան, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի իրադարձութիւնները` ներկայութեամբ Ամալ շարժումի արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու, նախկին նախարար Թալալ Սահիլիի եւ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտանի:

Հանդիպումէն ետք Պըրրի նկատել տուաւ, որ զօր. Ասարթայի հետ իր քննարկումները կեդրոնացան հարաւային Լիբանանի կացութեան եւ վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին հարաւի մէջ արձանագրուած ապահովական որոշ միջադէպերու վրայ:

Պըրրի հաստատեց, որ վերջին օրերուն արձանագրուած այս միջադէպերը թիրախ կը դարձնեն Լիբանանը պահպանող ժողովուրդ, բանակ, Դիմադրութիւն եռեակ տարազը, «հետեւաբար անհրաժեշտ է իբրեւ ժողովուրդ, բանակ եւ Դիմադրութիւն` գործել ՖԻՆԻՒԼ-ի կողքին, որպէսզի կարելի ըլլայ հարաւը եւ Լիբանանը պահպանել», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, Պըրրի անդրադարձաւ նաեւ լիբանանցիները յուզող ապրուստի հարցերուն` շեշտելով, որ պէտք է նուազեցնել մազութի սակը եւ լիբանանցի քաղաքացիներուն ուսերէն թեթեւցնել ծանր բեռը, ինչպէս նաեւ երկրագործներէն գնել ձիթաիւղը:

Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց երկրին մէջ տիրող իրադարձութիւնները` ներկայութեամբ Ալի Համտանի:

 

Share this Article
CATEGORIES