«ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՈՒՂՂԱԾ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՆ» ՇԵՇՏԵՑ ԶՕՐ. ԱՈՒՆ

Համախմբումի նիստէն պահ մը

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ կէսօրէ ետք Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:

Նիստէն ետք զօր. Աուն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը թիրախ դարձնող պայթումին գծով Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ Սուրիոյ դէմ ուղղուած ամբաստանութիւններուն:

«2005-էն ի վեր կան որոշ կողմեր, որոնք անընդհատ Սուրիան կ՛ամբաստանեն: Այս ուժերը սորվեցան քաղաքական ամբաստանութիւններ կատարել: Հետեւաբար, ՖԻՆԻՒԼ-ի դէմ պայթում մը գործելու յանցանքով Սուրիան ամբաստանելը քաղաքական ամբաստանութիւն է», ըսաւ զօր. Աուն:

Զօր. Աուն` մամլոյ ասուլիսին պահուն

Ան հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ հարաւային Լիբանանէն կատարուած հրթիռարձակումին կողքին Հըզպալլայի դէմ սանձազերծուած է արշաւ մը, որ հետզհետէ աւելի կը սաստկանայ եւ կ՛ուղղուի դէպի այն ենթադրութիւնները, որոնց հիման վրայ Հըզպալլա կը միտի սահմանային կացութիւնը բարդացնել եւ Լիբանան-Իսրայէլ ճակատում ստեղծել:

Զօր. Աուն յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը լուռ մնացած է զինուորական վճռաբեկ ատեանի դատախազ Ալիս Շապթինիի դէմ սանձազերծուած ամբաստանութեան արշաւին առնչութեամբ, որովհետեւ ան ամբողջական թղթածրար մը չունի իր մօտ` Շապթինիի վճիռով ազատ արձակուած չորս իսրայէլեան գործակալներուն մասին:

Զօր. Աուն յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը առաջարկած է դատախազ Շապթինիի դէմ մրցակից այլ դատախազի մը անունը` Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահի պաշտօնին համար:

Share this Article
CATEGORIES