ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ, ՍԷՐ ԵՒ ՀԱՇՏՈՒԹԻՒՆ ՄԱՂԹԵՑ ԲՈԼՈՐ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐՈՒՆ

Նախագահ Սլէյման եւ նախարար Խուրի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ լուսաւորեց նախագահական պալատին տօնածառը: Ան մաղթեց, որ Լիբանանի եւ յատկապէս շրջանին մէջ տարածուի Ս. Ծննդեան ոգին` յոյս յայտնելով, որ խաղաղութիւն, սէր եւ հաշտութիւն տիրէ բոլոր պետութիւններուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման շեշտեց արտերկրի լիբանանցիներուն կողմէ լիբանանեան քաղաքացիութեան վերատիրանալու իրաւունքը վաւերացնելու անհրաժեշտութիւնը` կոչ ուղղելով խորհրդարանին, որ իր կարգին վաւերացնէ այդ օրինագիծը` իրենց մայր հայրենիքին հետ արտերկրի լիբանանցիներուն կապը ամրապնդելու նպատակով:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրին, որուն հետ քննարկեց երկրին կենսոլորտը առողջ պահելու քայլերը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նախկին փոխվարչապետ Էլիաս Մըր: Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային հարցերը: Պաապտայի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին երեսփոխան Սելիմ Տիապ:

Share this Article
CATEGORIES