ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՅԵՏԱՁԳԵՑ ՄԱԶՈՒԹԻ ՍԱԿԵՐՈՒՆ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒՄ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ ՀԱՐՑԸ
Կառավարութիւնը երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Նիստին ընթացքին կառավարութիւնը քննարկեց 58 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
Կառավարութեան քննարկած օրակարգին հիմնական հարցը եղաւ կարմիր եւ կանաչ մազութի պարագային քաղաքացիին տրամադրուելիք պետական յատկացումի հարցը:
Մեծ թիւով նախարարներ ընդգծեցին պետութեան կողմէ նիւթական այդ յատկացումին անհրաժեշտութիւնը:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ կարելի չեղաւ այդ հարցը վաւերացնել եւ որոշուեցաւ այդ թղթածրարին քննարկումը շարունակել այսօր` նախագահական պալատին մէջ կառավարութեան գումարելիք նիստին ընթացքին: Ան նշեց, որ այդ թղթածրարին առնչութեամբ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի այսօրուան նիստին ընթացքին յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի տրամադրէ:
Տաուք նշեց նաեւ, որ կառավարութիւնը որոշած է առ հաշիւ գումարներ տրամադրել ներքին գործոց նախարարութեան, կրթութեան նախարարութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան: