ՔԱՄԱԼ ՇԱԹԻԼԱ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻՆ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Լիբանանի ազգային կուսակցութեանց հանդիպումին մէջ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ Պարոյր Տէր Ղուկասեան,  «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Լիբանանեան ժողովրդային համագումարի նախագահ Քամալ Շաթիլան, որուն ընկերակցեցան համագումարի պատասխանատու անդամներ Սամիր Թրապուլսի եւ Իմատ Աքքաուի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ արաբական ըմբոստութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Շաթիլա յայտնեց, որ ինք լաւ հանդիպում մը ունեցած է ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներուն հետ` աւելցնելով, որ իրենք նոյն մտահոգութիւնները կը բաժնեն:

Շաթիլա նկատել տուաւ, որ շրջանին մէջ տիրող արաբական ընդհանուր կացութեան մասին իրենց տեսակէտը նոյնը եղած է` աւելցնելով, որ ժողովուրդներու ազատութեան եւ արդարութեան իրաւունքին մասին իրենց արժեւորումը նոյնպէս նոյնը եղած է:

Ան անհրաժեշտ նկատեց լիբանանեան բոլոր ազգային ուժերուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդումը, որպէսզի կարելի ըլլայ նաեւ հզօրացնել լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը` զայն հեռու պահելով ծայրայեղ եւ բաժանում ցանկացող բոլոր ուժերէն:

Իր կարգին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան յայտնեց, որ ՀՅԴ անհրաժեշտ կը նկատէ լիբանանեան ներքին կացութեան ամրապնդումը եւ արաբական երկիրներուն ու պետութիւններուն ներքին հարցերուն միջամուխ չըլլալու կարեւորութիւնը:

«Մենք միաժամանակ շեշտեցինք շրջանին մէջ թրքական ծաւալապաշտական քաղաքականութեան եւ շրջանը թրքացնելու ջանքերուն դէմ պայքարելու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով, որ անոր նպատակն է փոխել շրջանին արաբական դիմագիծը եւ արաբականութեան մտայնութիւնը, ինչպէս նաեւ հարուածել ամբողջ շրջանին ժողովրդային եւ հողային միասնականութիւնը», եզրափակեց Յ. Մխիթարեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES