ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԸՆԿԵՐՎԱՐ ՅԱՌԱՋԴԻՄԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԷԿ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Լիբանանի ազգային կուսակցութեանց հանդիպումին մէջ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ Պարոյր Տէր Ղուկասեան,  «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը:

Պատուիրակութեան մաս կազմեցին կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր եւ ղեկավար խորհուրդի անդամներ Սարհան Սարհան, Խտըր Ղատպան, Ռապիհ Աշուր եւ տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Ռամի Ռայես:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային նորագոյն զարգացումները: ՀՅԴ-ի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պատասխանատուները ընդգծեցին լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ամրապնդուած պահելու եւ լիբանանեան ընկերութիւնը կազմող բոլոր շերտերուն միջեւ խորհրդակցութիւնները առկայ պահելու  անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ նաեւ ներքին լիբանանեան բոլոր թիւրիմացութիւններն ու տարակարծութիւնները երկխօսութեան միջոցով լուծելու եւ հարցեր ստեղծելէ հեռու մնալու կարեւորութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES