ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՄԱՐԶԻՉՆԵՐՈՒ ՓՈՐՁԵՐԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

Մարզիչ Ռըզքալլա Զալղումի կազմակերպութեամբ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հսկողութեամբ եւ Սաժես Հայ Սքուլի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած մարզիչներու փորձերը, որոնք տեղի ունեցան «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ), աւարտեցան յաջողութեամբ:

Այս փորձերուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանէն, Սուրիայէն եւ Յորդանանէն մարզիչներ:

Աւարտին տեղի ունեցաւ վկայականներու տուչութիւն` ներկայութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի գանձապահ Վիգէն Չերչեանի:

Նշենք, որ Զալղումէն բացի, այդ փորձերուն հսկեցին նաեւ Արոն Միչել (Միացեալ Նահանգներ) եւ Ալեն Ապազ (Պոսնիա):

Share this Article
CATEGORIES