ՃԱՏՐԱԿ. «ԼՈՆՏՈՆ ՔԼԱՍԻՔ»-Ի ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՔՐԱՄՆԻՔ ՏԻՐԱՑԱՒ ՏԻՏՂՈՍԻՆ
Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցած «Լոնտոն Քլասիք» ճատրակի միջազգային մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցան 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:
Ռուս Վլատիմիր Քրամնիք, որ վերջին հանգրուանին հաւասարութիւն մը արձանագրեց հայրենի վարպետ Լեւոն Արոնեանի հետ, 16 կէտ ապահովելով տիրացաւ տիտղոսին: Արոնեան 9 կէտով գրաւեց 5-րդ դիրքը: 15 կէտով 2-րդ դիրքը գրաւեց ամերիկացի Հիքարու Նաքամուրա, իսկ 3-րդ դիրքը` նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսըն (14 կէտով):
CATEGORIES Մարզական