ՄԻՔԱԹԻ ԵՒ ՍԱՖԱՏԻ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԵՆ, ՈՐ ԻՐԵՆՑ ՄՏԵՐՄՈՒԹԻՒՆԸ ՉԷ ԽԶՈՒԱԾ

Սաֆատի եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Մոհամետ Սաֆատին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող ներկայ իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Միքաթիի լրատու գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ Միքաթիի եւ Սաֆատիի միջեւ յարաբերութիւնները չեն խզուած, ընդհակառակն` անոնք ամուր են:

ՆՇԵՆՔ, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին ծիրին մէջ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կարիքը ունի քանի մը օրուան` աւելցնելով, որ կառավարութեան ծնունդը կախեալ է Ռապիէ-Այն Թինէ-Վերտան փոխադարձ այցելութիւններէն:

Share this Article
CATEGORIES