ՊԸՐՐԻ. «ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ԱՐԱԳԱՑՆԵԼ»

Երէկուան խորհրդարանական հանդիպումը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց շարք մը երեսփոխաններ` չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումին ծիրին մէջ:

Նիստին ընթացքին Պըրրի հաստատեց, որ անհրաժեշտ է արագացնել Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը:

Պըրրի ընդգծեց, որ այդ կառավարութիւնը պիտի ըլլայ ազգային փրկութեան կառավարութիւն, որ պիտի ունենայ դիմագրաւելիք ներքին եւ արտաքին բազմաթիւ մարտահրաւէրներ:

Հանդիպումէն ետք Պըրրիի քաղաքական հարցերու խորհրդական, երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ կառավարութիւնը թեւակոխած է աւելի լուրջ հանգրուան մը` աւելցնելով, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ հարցեր չկան:

 

Share this Article
CATEGORIES