ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ. «ԵՐԿՐԻՆ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՀՊԱՆԵԼԸ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ Է»

Նախագահ Սլէյման` ընկերվար յառաջդիմական մտաւորականներու համագումարի պատուիրակութեան հետ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ շեշտեց, որ Լիբանանի սահմանադրութիւնը յստակ կառուցուածք ունի` կառավարութեան կազմութեան առումով, եւ այդ կառուցուածքին մասին կատարուած մեկնաբանութիւնները կը միտին կառավարութեան կազմութեան ջանքերը խոչընդոտել:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ համայնքային եւ քաղաքական ուժերուն միջեւ հաւասարակշռութիւններն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը պահպանելը բացառիկ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն:

Այս ծիրին մէջ, նախագահ Սլէյման դրուատեց քաղաքացիական ընկերութեան խորհուրդներուն եւ մարմիններուն կողմէ ի գործ դրուած բոլոր ջանքերը` սահմանադրութիւնը գործադրելու առումով: Ան շեշտեց, որ ինք պիտի ջանայ նաեւ ջնջել քաղաքական համայնքայնութեան դրութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահը այս յայտարարութիւնները կատարեց` Պաապտայի մէջ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան կազմակերպած մտաւորական համագումարի մէկ պատուիրակութիւնը ընդունելու պահուն:

Պատուիրակութիւնը գլխաւորեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատու գրասենեակի պատասխանատու Ռամի Ռայյիս, որ նախագահ Սլէյմանին յանձնեց գիրք մը` վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեան մասին, ինչպէս նաեւ անոր ներկայացուց այդ համագումարին նպատակները, որոնց հիման վրայ երկրին մէջ կարելի պիտի ըլլայ հաւասարակշռուած բարգաւաճում իրականացնել եւ լիբանանցիներուն, յատկապէս գիւղաքաղաքներու բնակիչներուն առօրեայ բեռը թեթեւցնել:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման երէկ երեկոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին եւ Քաթարի շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի իշխանին հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ տիրող իրադարձութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES