ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐ. ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ (ՏՂԱՔ). ԼԻԲԱՆԱՆ ՅԱՂԹԵՑ ՄԱՐՈՔԻ` 87-66 ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ

Քաթարի մէջ տեղի ունեցող Արաբական 12-րդ խաղերուն, տղոց պասքեթպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ Լիբանանի տղոց ազգային խումբը, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, երէկ արձանագրեց մրցաշարքի իր առաջին յաղթանակը` 87-66 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Մարոքը: Լիբանան, որ իր կատարած առաջին մրցումին 79-73 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Թունուզէն, այժմ 3 կէտով կը գրաւէ 2-րդ դիրքը: Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Թունուզ (4 կէտ), երրորդ դիրքին վրայ` Յորդանան (3 կէտ), եւ վերջապէս` Մարոք (2 կէտ):

Մարոքի դէմ տեղի ունեցած երէկուան այս մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 25-15, 17-11, 22-15 եւ 29-19:

Լիբանանէն տպաւորիչ ելոյթներ ունեցան Սամուէլ Հոսքին եւ Ֆետի Խաթիպ, որոնք նշանակեցին 22-ական կէտ: Ալի Քանաան նշանակեց 11 կէտ, իսկ Շէյխ Խաթիպ` 9 կէտ: Մարոքէն ամէնէն աւելի կէտը նշանակեց Ատնան Մասատիէ (28):

Նշենք, որ իւրաքանչիւր խմբակի առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը կ՛ապահովեն Բ. հանգրուանի իրենց տոմսերը:

Տոմս մը ապահովելու համար Լիբանան իր կատարելիք վերջին մրցումին պէտք է յաղթէ Յորդանանի:

Ստորեւ կու տանք Բ. խմբակին դասաւորումը.

ՅԱՂԹ.    ՊԱՐՏ. ՆՇ. ՍՏ. ԿԷՏ
1.- Թունուզ 2 0 156 142 4
2.- Լիբանան 1 1 160 145 3
3.- Յորդանան 1 1 136 135 3
4.- Մարոք 0 2 124 154 2

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES