ՃԱՏՐԱԿ. ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԲԱՑ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՎԱՐՈՒԺԱՆ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՏԻՐԱՑԱՒ ՏԻՏՂՈՍԻՆ

Վարուժան Յակոբեան

Օրէյնճ Սիթիի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցած ճատրակի Ամերիկայի բաց մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցան 8-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:

Հայրենի վարպետ Վարուժան Յակոբեան տիրացաւ տիտղոսին` առաւելագոյն 8 կէտէն ապահովելով 7 կէտ:

Մելիքսեթ Խաչիեան եւ Յարութիւն Յակոբեան 5-ական կէտ ապահովելով յաջորդաբար գրաւեցին 5-րդ եւ 8-րդ դիրքերը:

Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 28 ճատրակ խաղացողներ:

Share this Article
CATEGORIES