ԽՈՐԷՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ԼՈՔՈՄՈԹԻՒ ԹԱՇԿԵՆՏԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ՄԱՐԶԻՉ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին գլխաւոր մարզիչ Խորէն Յովհաննիսեան նշանակուեցաւ Լոքոմոթիւ Թաշկենտի (Ուզպեքիստան) գլխաւոր մարզիչ, կը յայտնէ ArmFootball.com հայկական լրատու գործակալութիւնը:
Խումբին հետ իր ելոյթները պիտի շարունակէ նաեւ Խորէն Յովհաննիսեանի զաւակը` Ժորա, որ նախապէս մաս կազմած է Փիւնիկի եւ Հայաստանի երիտասարդներու հաւաքականին` իբրեւ միջնապահ:
Լոքոմոթիւի թեքնիք տնօրէնն է Վազգէն Մանասեան: Խումբին մաս կը կազմէ անոր զաւակը` Արսէն, որ իր նշանակած 29 կոլով հանդիսացաւ երկրորդ լաւագոյն կոլսքորըրը` Ուզպեքիստանի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտին: Խումբը, որ հանդիսացաւ ախոյեան, նոր տարեշրջանին մաս պիտի կազմէ բարձրագոյն դասակարգին:
Կազմին մէջ են նաեւ երկու հայազգի ֆութպոլիստներ` բերդապահ Վազգէն Պաղտասարով եւ միջնապահ Կարէն Ապրամով:


