ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՆՈՐ, ԱԶԱՏ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ
Եւրոպական խորհրդարանը երէկ որդեգրեց բանաձեւ մը, որ Ռուսիոյ իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ նոր, ազատ խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարելու:
Ըստ բանաձեւին, նոր ընտրութիւններուն ընթացքին ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն արձանագրուելու կարելիութիւն պէտք է ընծայուի: Կոչ կ՛ուղղուի նաեւ քննելու ընտրական խախտումներուն մասին բոլոր յայտարարութիւնները:
Եւրոպական խորհրդարանը Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան կոչ ուղղեց այս խնդիրը արծարծելու 14-15 դեկտեմբերին տեղի ունենալիք Եւրոպական Միութիւն-Ռուսիա վեհաժողովին ընթացքին:
Քրեմլինէն աղբիւր մը հակազդելով յայտարարեց, որ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչները Տումայի ընտրութիւններուն շուրջ ստեղծուած իրավիճակը քննարկման նիւթ դարձնելու փոխարէն աւելի լաւ կ՛ըլլայ, եթէ լուծեն եւրոյի գօտիի ճգնաժամի հարցը:
«Ես չեմ կարծեր, որ այս հարցին մէջ խորանալը ճիշդ է: Անոնք մեզի հետ միասին պէտք է մտածեն յառաջ շարժելու մասին», ըսած է ան:
«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ աղբիւրը ընդգծած է, որ 15 դեկտեմբերին Լիզպոնի մէջ տեղի ունենալիք Ռուսիա-Եւրոպական Միութիւն բարձր մակարդակի հանդիպումին գլխաւոր նիւթերը պիտի ըլլան համաշխարհային տնտեսութիւնն ու եւրոյի գօտիին մէջ ստեղծուած իրավիճակը:
Երկուշաբթի օր Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ծառայութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մայա Քոցիանչիչ յայտարարած էր, որ եւրոպական կողմը կը ծրագրէ Ռուսիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները քննարկել:
«Մենք արդէն ձեւաւորած ենք մեր դիրքորոշումը ընտրութիւններուն վերաբերեալ: Անիկա շատ յստակ է: Մենք նաեւ հետեւած ենք հանգստեան օրերուն Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքներուն», ըսած էր ան: