ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ԱՆՀԱՆԳՍՏԱՑԱԾ Է ԻՐԱՆԵԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔԷՆ

Սալեհի եւ Տաւութօղլու

Ամերիկեան «Ռատիօ Սաուա» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու իրանցի իր պաշտօնակիցին հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին անհանգստութիւն յայտնած է Իրանի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութեանց եւ ազգային ապահովութեան հարցերով յանձնախումբի նախագահ Հիւսէյն Իպրահիմի այն յայտարարութենէն, որուն մէջ ան կը յայտնէր, որ իր երկիրը սպառնալիքի ենթարկուելու պարագային պիտի հարուածէ Թուրքիոյ մէջ զետեղուած ՕԹԱՆ-ի հակահրթիռային վահանի տարրերը: Այդ տարրերը կը գտնուին Մալաթիոյ նահանգին մէջ:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սալեհի Տաւութօղլուին վստահեցուցած է, որ Իպրահիմի յայտարարութիւնը իրանեան կառավարութեան կեցուածքը չ՛արտացոլեր:

 

Share this Article
CATEGORIES