«ԹՈՒՐՔԻԱ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԳՕՏԻ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԵՒ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԿԱՆԱՉ ԼՈՅՍԻ ԿԸ ՍՊԱՍԷ» Կ՛ԸՍԷ ՔՈՒՐՊԻ
Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Խալետ պըն Ահմատ Ալ Խալիֆա «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսելով Սուրիոյ հարցին մասին յայտարարեց, որ «արաբական աշխարհը Արաբական լիկային մէջ ներկայացուած է, սակայն աշխարհին մաս կը կազմէ եւ մեկուսացած չէ: Ուստի եթէ Արաբական լիկան չկարենայ տագնապ մը լուծել, ինչո՞ւ զայն լուծելու համար աշխարհին չդիմէ: ՄԱԿ-ի դուռը փակ չէ, անոր դիմելը մեր իրաւունքն է, եւ իբրեւ միջազգային ընտանիքի մէկ մասնիկը` մեր պարտաւորութիւնը պէտք է կատարենք»:
Անիկա նշեց, որ «չեմ կրնար ըսել, թէ ՄԱԿ-ին պիտի չդիմենք, սակայն ատիկա մեր փափաքը չէ: Սպասենք եւ տեսնենք, թէ ի՛նչ պիտի պատահի»:
Իրաքի քրտական շրջանի կառավարութեան վարչապետ Պարհամ Սալեհ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին հերքեց, որ Սուրիոյ քիւրտերը Սուրիոյ մէջ 9 ամիսէ ի վեր տեղի ունեցող ցոյցերուն «ետեւի գիծին» վրայ կեցած են, սակայն նշեց, որ անոնք «զգուշ են, որովհետեւ քիւրտերու իրաւունքներուն մասին այն, ինչ որ սուրիական ընդդիմադիր կողմերէ կը լսեն, մտահոգիչ է»:
Մինչ այդ, սուրիական ընդդիմութեան դէմքերէն Ամար Քուրպի «Արապիա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Թուրքիա Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտի ստեղծելու համար արաբական եւ շրջանային կանաչ լոյսի կը սպասէ»: