ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան համաձայն, պենզինի եւ մազութի թիթեղին սակը 300 լ. ոսկիով նուազած է:

ՍԵՓԱԿԱՆ վարժարաններու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ շեշտեց, որ այսօրուան դասադուլը կ՛ընդգրկէ պետական եւ սեփական կրթական բոլոր հաստատութիւնները: Մահֆուտ կոչ ուղղեց բոլոր ուսուցիչներուն` մասնակցելու վաղուան ցոյցին, որ պիտի սկսի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին` Սոտեքոյէն դէպի վարչապետարան:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ յատուկ Միջազգային դատական ատեանը վերստին պահանջեց Լիբանանի կառավարութենէն ամէն ջանք ի գործ դնել նախապէս ամբաստանուած չորս յանցագործները ձերբակալելու համար: Միւս կողմէ, երէկ հրապարակուեցաւ այլ հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն, Միջազգային դատական ատեանի նախկին նախագահ, ընդհանուր դատախազ Տանիէլ Պելմար ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարէն խնդրած էր իր նախագահութեան նստաշրջանը չվերանորոգել` առողջական հարցերու պատճառով:

ՆԱԽԿԻՆ ընդհանուր դատախազ Ատնան Ատտում հանդիպելէ ետք հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտի հետ յայտնեց, որ Լիբանանի դատական իշխանութիւններուն պատմութեան մէջ չէ պատահած, որ Իսրայէլի հաշուոյն լրտեսող յանցագործներ ազատ արձակուին:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Սուրի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ֆրանսական ջոկատը թիրախ դարձուցած պայթումին պատասխանատուն Հըզպալլան է, որովհետեւ ամբողջ հարաւային Լիբանանը կը գտնուի Հըզպալլայի հակակշիռին տակ:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնական բանբեր Անտրէա Թինընթի յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ ոչ մէկ նպատակ ունի իր ուժերուն թիւը նուազեցնելու` իբրեւ հետեւանք Սուրի մէջ իր զօրամասը թիրախ դարձուցած պայթումին:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ օրէնքը բոլորէն վեր է` աւելցնելով, որ իրենք կը մերժեն ոեւէ մէկուն կողմէ օրէնքի գերազանցումը:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի քաղաքական հարցերու խորհրդական, առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական օգնական հաժ Հիւսէյն Խալիլի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին փոխադարձ գործակցութեան նոր սկիզբ մը դրուած է իրենց միջեւ:

ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ղեկավար, նախկին երեսփոխան Ուսամա Սաատ կոչ ուղղեց զգուշանալու լիբանանեան միասնականութեան սպառնացող ամերիկեան-իսրայէլեան սադրանքներէն:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի առաջարկած է, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն միջեւ տեղի ունենայ հանդիպում մը, որուն ընթացքին կարելի ըլլայ սերտել գործակցութեան հեռանկարները եւ որոշ հարցերու շուրջ համակարգում կատարել:

 

Share this Article
CATEGORIES