ՄԻՇԵԼ ՄԸՐ ԱՍԻՐԻԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՏԵՂԱԿԱՆ ԵՒ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ

Դեսպան Ասիրի եւ Մըր

Խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ, երեսփոխան Միշել Մըր երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Ասիրին, որուն հետ քննարկեց տեղական իրադարձութիւններն ու շրջանային նորագոյն զարգացումները:

Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Ասիրի յայտնեց, որ Ռիատ կառչած կը մնայ լիբանանեան ներքին միասնականութեան ամրապնդման:

Ան հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը նախանձախնդիր է Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու եւ այդ իմաստով ան ճիգ չէ խնայած արաբական ջանքերուն ծիրին մէջ Սուրիոյ մէջ գործուող բռնարարքները կասեցնելու:

Իր կարգին, երեսփոխան Միշել Մըր յայտնեց, որ եթէ սուրիական-սէուտական նախաձեռնութիւնը յաջողէր, ապա երկրին կացութիւնը տարբեր պիտի ըլլար եւ լարուածութիւնը այսքան սուր աստիճանի պիտի չհասնէր:

Share this Article
CATEGORIES