ՊՆԱՇՀԻԻ ՄէՋ ՖՐԵՆԺԻԷ – ՈՒԱԹՔԻՆԶ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշհիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Ռոպըրթ Ուաթքինզը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ուաթքինզ ողջունեց Պքերքէի մէջ այս շաբաթավերջին մարոնի համայնքի ղեկավարներուն միջեւ տեղի ունենալիք ընդարձակ հանդիպումը` հովանաւորութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին:
Ուաթքինզ հաստատեց, որ ՄԱԿ-ը կը քաջալերէ միջլիբանանեան երկխօսութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ լաւագոյն արդիւնքներուն հասնիլ եւ առաջքը առնել Լիբանանը ցնցող լարուածութիւններուն:
«Այս հանգրուանին կարեւոր է Լիբանանը եւ անոր ապահովական կայունութիւնը պահպանել` նկատի ունենալով, որ շրջանին կացութիւնը հետզհետէ կը վատթարանայ», ըսաւ ան:
Ուաթքինզ յայտնեց, որ երեսփոխան Ֆրենժիէի հետ քննարկած է նաեւ հարաւային Լիբանանի իրադարձութիւնները` աւելցնելով, որ ՄԱԿ լրջօրէն կը հետեւի հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուող իրադարձութիւններուն, յատկապէս` ՖԻՆԻՒԼ-ին դէմ գործուած յարձակումին եւ դէպի Իսրայէլ կատարուած հրթիռարձակումին: Ան նշեց, որ ՄԱԿ կը պահանջէ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին ամբողջական գործադրութիւնը:
Ուաթքինզ շեշտեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը դատապարտած է հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած ապահովական այս միջադէպերը եւ մաղթած, որ սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ տիրէ խաղաղութիւն եւ հաստատուի ապահովական կայունութիւն:
«Մենք կը գտնուինք զգայուն ժամանակաշրջանի մը մէջ եւ անհրաժեշտ է ամրապնդել երկրին ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ տառացիօրէն գործադրել թիւ 1701 բանաձեւը` լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ին միջեւ գործակցութիւնը սերտացնելով»: