ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶՕՐ. ԱՍԱՐԹԱՆ

Զօր. Ասարթա եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթան, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ հարաւի մէջ արձանագրուած վերջին երկու ապահովական միջադէպերուն` հրթիռարձակումին եւ միջազգային խաղաղապահ ուժերու ֆրանսական զօրամասը թիրախ դարձուցած պայթումին վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանանը մաս կը կազմէ միջազգային օրինականութեան` աւելցնելով, որ Լիբանան անշեղ կը մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ գործակցելու իր կեցուածքէն` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ իրականացնելու այն նպատակը, որուն հիման վրայ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը պիտի օժանդակեն լիբանանեան բանակին, որպէսզի ան իր ամբողջական հակակշիռը հաստատէ լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ:

Վարչապետ Միքաթի վերահաստատեց իր դատապարտումը` ֆրանսական ջոկատին դէմ գործուած պայթումին առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ ընդգծեց, որ այդ արարքին նպատակն է հարաւային Լիբանանի մէջ ապակայունութեան մթնոլորտ մը ստեղծել:

Միքաթի շեշտեց, որ ֆրանսական ջոկատը թիրախ դարձնելը կը միտի Լիբանանի եւ Ֆրանսայի յարաբերութիւնները խանգարել` նկատի ունենալով, որ Ֆրանսա մնայուն կերպով զօրակցած է եւ օժանդակած Լիբանանին:

«Բայց եւ այնպէս մենք անշեղ պիտի մնանք ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութենէն եւ լիբանանեան բանակին հետ անոր գործակցութեան վրայ մեր յոյսը պիտի դնենք` ամրապնդելու համար մեր երկրին ապահովական կայունութիւնը», ըսաւ վարչապետը:

Վարչապետ Միքաթի միջազգային ընտանիքէն վերստին պահանջեց լիբանանեան բանակին ներկայացնել գումակային օժանդակութիւն, ինչպէս նաեւ ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ` վերջ տալու համար լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ իր ոտնձգութիւններուն:

Իր կարգին, զօր. Ասարթա յայտնեց, որ Միքաթիի հետ քննարկած է հարաւային Լիբանանի իրավիճակը, ինչպէս նաեւ հոն տիրող հարցերը լուծելու հեռանկարները:

Զօր. Ասարթա շեշտեց, որ վերջերս հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած բռնարարքներուն հիմնական նպատակն էր սպառնալ հարաւի կայունութեան եւ բնակիչներուն անվտանգութեան:

Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանան կարիքը ունի ապահովական յաւելեալ կայունութիւն հաստատելու հարաւի մէջ եւ շրջանին բնակչութեան անվտանգութիւնը երաշխաւորելու:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն համաձայն, յառաջիկայ 26 դեկտեմբերին եւ 2 յունուարին պետական թէ սեփական բոլոր հաստատութիւնները պիտի մնան փակ` Ս. Ծննդեան եւ Նոր տարուան տօներուն առիթով:

 

Share this Article
CATEGORIES