ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԱՊՆԴՄԱՆ ՓՈԹՈՐԿՈՏ ՆԻՍՏ

Հարցապնդումի նիստէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախագահութեամբ երէկ լիբանանեան խորհրդարանը հարցապնդեց կառավարութիւնը` օրակարգի վրայ ունենալով վեց հարցումներ:

Կառավարութեան հարցապնդման նիստին ընթացքին տիրող մթնոլորտը լարուած էր, յատկապէս այն իմաստով, որ խորհրդարանի փոքրամասնութիւնը կը փափաքէր նախ թիրախ դարձնել կառավարութիւնը, իսկ երկրորդ` Դիմադրութիւնը:

Այս միտումը յստակօրէն դրսեւորուեցաւ, երբ երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ լուսարձակի տակ առաւ Թարշիշի մէջ Դիմադրութեան կողմէ հեռաձայնային ցանցեր հաստատելու հարցը եւ խիստ ցեխարձակումներ կատարեց Դիմադրութեան դէմ` շեշտելով, որ վերջինս  ամբողջ Լիբանանը թիրախ կը դարձնէ:

Այս ամբաստանութիւններուն պատասխանելու նպատակով, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի խորհրդարանի նախագահէն խնդրեց ըստ կարգի միջամտելու արտօնութիւն ստանալ: Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը կը վայելէ Լիբանանի կառավարութեան շնորհած օրինականութիւնը եւ լիբանանցիներուն զօրակցութիւնը: «Դիմադրութիւնը կը կատարէ այն, ինչ որ յարմար կը գտնէ Լիբանանի պահպանումին համար», ըսաւ Մուսաուի:

Մուսաուիի այս խօսքերուն Ժեմայէլ պատասխանեց ըսելով, որ իրենք պաշտպանութիւն պէտք է սպասեն Դիմադրութենէն, որ կը գտնուի Լիբանանի փողոցներուն մէջ եւ ամէնուր:

Այդ պահուն մթնոլորտը փոթորկեցաւ Մուսաուիի ու Ժեմայէլի միջեւ եւ արձակուեցաւ վարկաբեկիչ խօսքեր:

Խորհրդարանի նախագահը միջամտեց եւ հանդարտեցուց մթնոլորտը` շեշտելով, որ ինք Դիմադրութեան հիմնադիրներէն կը նկատուի եւ ընդգծելով, որ այդպէս չէ որ Դիմադրութիւնը կը պաշտպանեն:

Ժեմայէլ խորհրդարանի նիստը կիսատ ձգելով դուրս եկաւ յայտարարելու համար հետեւեալը. «Ով որ կը կարծէ, թէ խորհրդարանը լքուած է կամ ով որ կը կարծէ, թէ կրնայ վախցնել լիբանանցի ժողովուրդը ներկայացնող երեսփոխանները եւ արգիլել զանոնք իրենց տեսակէտներն ու համոզումները ազատ արտայայտելէ, չարաչար կը սխալի: Մենք պիտի շարունակենք մեր կարծիքները արտայայտել եւ պիտի հետեւինք օրէնքին»:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխան Նաուար Սահիլի պատասխանելով Ժեմայէլին յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը ոչ ոքի կողմէ դասեր ստանալու կարիք ունի:

Սահիլի վերահաստատեց Մուսաուիի կեցուածքը` նշելով, որ Դիմադրութիւնը սահմանադրական օրինականութիւն ունի եւ որդեգրուած է Լիբանանի կառավարութեան կողմէ, ինչպէս նաեւ կը վայելէ մեծ ժողովրդականութիւն եւ այլոց քաղաքավարութեան դասեր կու տայ:

Խորհրդարանին մէջ կառավարութեան հարցաքննութեան համար ներկայացուած հարցումները վերածուեցան հարցապնդումի:

Նիստին աւարտին Պըրրի շեշտեց, որ ժողովրդավարութիւնը գեղեցիկ է, սակայն անոր ազատութիւնը իր հոգեկան սնունդն է եւ ոչ թէ նիւթական սնունդը:

Պըրրի դիտել տուաւ, որ խորհրդարանին մէջ զաւեշտի եղանակով արտասանուեցան որոշ խօսքեր, սակայն անոնք վտանգաւոր էին եւ Աստուած թող բոլորը ներէ: «Մենք մէկ ժողովուրդի պատասխանատու ենք եւ ոչ թէ երկու ժողովուրդներու», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, ըստ նախապէս ճշդուած հանդիպումի մը, Պըրրի խորհրդարանին մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES