«ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ ՇԱՏ ԱՒԵԼԻ ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ Կ՛ԸԼԼԱՅ, ԵԹԷ ՈՐՈՇ ՀԱՐՑԵՐ ԻՐԵՆՑ ՉԱՓԻՆ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒԻՆ» ՅԱՅՏՆԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքը շատ աւելի արդիւնաւէտ կ՛ըլլայ, եթէ կառավարութիւնը կարգ մը հարցերու քննարկումը կատարէ անոնց չափին մէջ:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց Մարոնի համայնքի ընդհանուր խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազենի:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ ինք դէմ է հակասահմանադրական առաջարկներու, որոնց շարքին է այն առաջարկը, թէ պետական նշանակումները պէտք է կատարել իբրեւ մէկ ամբողջութիւն:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է պաշտօնական բոլոր հեղինակութիւններուն միջեւ խորհրդակցութիւններն ու երկխօսութիւնը ամրապնդել, որպէսզի կարելի ըլլայ յաւելեալ նուաճումներ արձանագրել:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել. քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան օրակարգին վերաբերող հարցեր:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին նախարար Ռոժէ Տիպ եւ Իպրահիմ Տահեր: