ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՋՆՋԵՑ ԿԱՐՄԻՐ ՄԱԶՈՒԹԻ ՍԱԿԻՆ ՎՐԱՅ ՊԱՐՏԱԴՐՈՒԱԾ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԱՐԺԷՔԻ ՏՈՒՐՔԸ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել  Սլէյման երէկ կէսօրէ ետք նախագահեց Պաապտայի մէջ կառավարութեան գումարած նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի:

Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ պետական պիւտճէի ծրագիրի նախագիծը, ինչպէս նաեւ մազութի սակին պետական նիւթական յատկացում տրամադրելու կարելիութիւնը:

Կառավարութեան նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշած է ջնջել կարմիր մազութի սակին վրայ պարտադրուած յաւելեալ արժէքի տուրքը:

Տաուք նշեց, որ իբրեւ արտակարգ քայլ կառավարութիւնը այդ որոշումը յառաջիկայ երկուշաբթի օրուընէ սկսեալ պիտի գործադրէ` մազութի իւրաքանչիւր թիթեղին սակը 3,000 լ. ոսկի նուազեցնելով:

Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստերուն ընթացքին պիտի շարունակէ քննարկել պետական պիւտճէի օրինագիծը:

Share this Article
CATEGORIES